ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մարդիկ երբեմն կ՛ունենան հետեւալ մտածումը. «Երանի թէ ապրած ըլլայի այսինչ դարուն…»։
Ես պիտի չուզէի ապրիլ որեւէ այլ ժամանակաշրջանի մէջ, որովհետեւ այսօրուան ժամանակը անգերազանցելիօրէն նախանձելի է. բախտաւորուած ենք գիւտարար… պետական անձնաւորութիւններով, որոնք օր աւուր հասարակ մահկանացուներս կը շշմեցնեն իրենց չնաշխարհիկ գիւտերով. այս մարդիկը ի յայտ կը բերեն գիւտարարի այնպիսի տաղանդ, որ նախանձը պիտի շարժէր պատմութեան հին ու նոր շրջաններու «բազմատաղանդ» ղեկավարներուն, սկսելով Ներոնէն մինչեւ ֆրանսացիներու Մարի Անթուանէթը եւ ուրիշներ։
Իբրեւ փաստ, թուեմ վերջին օրերու գիւտերէն մէկ քանին։
Ա.- Մրցանակի արժանի գիւտ մը կատարեց Հիլըրի Քլինթըն, երբ յայտարարեց, թէ ամերիկեան լրատու աղբիւրները իրենց գործը լաւ չեն ըներ, պատճառ կ՛ըլլան, որ ամերիկացիք աշխարհի անցուդարձերուն իրազեկ դառնալու համար ապաւինին այլ աղբիւրներու։ Նախարարուհին առաջարկեց պիւտճէական տնօրինում կատարել, այս կացութիւնը դարմանելու համար։ Hel-lllloooo: Բայց նոյն այս կառավարութիւնը չէ՞ որ պիւտճէական կր-ճատումներ կը կատարէ հոն՝ ուր պէտք չէ ընէ, միաժամանակ կը ճգնի բազմապատկելու զինական մարզի պիւտճէները։
Բ.- Նախագահ Օպամա ինչո՞վ ետ կը մնայ Քլինթընէն. անշուշտ մեր խօսքը գիւտարարութեան մասին է…։ Քանի մը օր առաջ, ան ալ գիւտ մը ըրաւ, յայտարարելով, որ Լիպիոյ նախագահը՝ Մուամմար Քազաֆի, պէտք է իշխանութիւնը զիջի, որովհետեւ անոր հաւատարիմ զինեալ ուժերը ռմբակոծած են ընդդիմադիրները եւ բազմաթիւ զոհերու պատճառ դարձած են։ Ան մինչեւ իսկ քողարկուած սպառնալիք ուղղեց Քազաֆիի, թէ՝ ամերիկեան ուժերը կրնան միջամտութիւն մը կատարել, եթէ դէպքերը մնան նոյն ընթացքին մէջ։ Բնականաբար Օպամայի այս գիւտը ունի մարդասիրակա՜ն շարժառիթ, եւ կապ չունի Լիպիոյ քարիւղի հարստութեանց հետ։ Չէ՞ որ Իրաքէն ներս միջամտութիւնն ալ մարդասիրական նպատակներով էր, ու իրաքցիք 2003էն ի վեր կը վայելեն այնպիսի բարեփոխութիւններ, զորս չէին կրնար երեւակայել Սատտամ Հուսէյնի օրերուն։ Ամերիկեան բարեսիրութիւնը նմանապէս ոչ մէկ կապ ունի քարիւղին հետ։ Ով որ հակառակը կը պնդէ, թող երկու աչքով կուրնայ…
Գ.- Մրցանակի արժանի այլ անձնաւորութիւն մըն է Աֆղանիստանի նախագահը՝ Համիտ Քարզայ։ Անոր գի՞ւտը…։ Մարդը այլեւս անհանդուրժելի կը նկատէ ՆԱԹՕի ուժերուն կողմէ անմեղներու ջարդը՝ օդանաւային թէ այլ յարձակումներու ճամբով։ Շուրջ երկու շաբաթ առաջ, օդանաւային յարձակումի մը զոհ գացին ինը մանուկներ ու պատանիներ, որոնք ոչ մէկ կապ ունէին ռազմական գործողութիւններու հետ։ Ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը նախ որդեգրեց խուսափողական ու անպարտի մօտեցում, բայց յետոյ, Զօր. Փաթրէաս խոստովանեցաւ եւ ներողութիւն խնդրեց։ Գիւտարար Քարզայ անբաւարար նկատեց Փաթրէասի յայտարարութիւնը եւ յանկարծ, պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյթս «փայլատակեց» Աֆղանիստանի երկնակամարին վրայ։ Ան հաւանաբար գացած է քուլիսային բացատրութիւն տալու Քարզայի պէս մարդոց, որ ամերիկեան ուժերուն արտօնուած է այն, ինչ որ արգիլուած է Քազաֆիներու…
Ի՛սկապէս. ո՞վ պիտի ուզէր ապրիլ ուրիշ ժամանակաշրջանի մը մէջ, զրկուիլ նման գիւտարար ղեկավարներէ…