
Ըստ «Իքոնոմիսթ»ի կատարած տարեկան ուսումնասիրութեան, այս տարի աշխարհի լաւագոյն քաղաքը հռչակուեցաւ Գանատայի Վանքուվըր քաղաքը։ Ուսումնասիրութեան մէջ նկատի առնուած են 140 քաղաքներու տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ բնապահպանական պայմանները: Երկրորդ դիրքը գրաւած է Աւստրալիոյ Մելպուռն քաղաքը, իսկ առաջին եռեակը կ՛եզրափակէ Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննան, որուն կը յաջորդեն Թորոնթօ ու Քալկըրի )Գանատա), Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքի, Աւստրալիոյ Սիտնի, Փերթ եւ Ատըլէյտ քաղաքները։ Լաւագոյն տասնեակը կ՛եզրափակէ Նիւ Զելանտայի Օքլընտ քաղաքը։ Միացեալ Նահանգներէն, ամենաբարձր դիրքի վրայ գտնուող քաղաքը Փիցպըրկն է (29րդ), որմէ ետք կու գան Հոնոլուլուն (30րդ), Լոս Անճելըսը (44րդ) եւ Նիւ Եորքը (56րդ): Փարիզ կը գտնուի 16րդ դիրքի վրայ, իսկ Լոնտոն՝ 53րդ: Ասիոյ մէջ ամենաբարձր դիրքի վրայ գտնուող քաղաքը Ճափոնի Օսաքան է (12րդ), մինչ Հոնկ Քոնկ 31րդ դիրքին վրայ կը գտնուի, իսկ Պէյժինկ՝ 72րդ: