
ՄԱՆԱՄԱ, «Ռոյթըրզ».- Պահրէյնի գահաժառանգը Երկուշաբթի, Մարտ 7ին զգուշացուց նոր եւ ընտրովի կառավարութիւն մը պահանջող շիի մեծամասնութեան հետ լարուածութեան մագլցումէն՝ կոչ ընելով ազգային երկխօսութեան նախօրեակին աւելի համբերատար ըլլալու։ Պահրէյնի գահաժառանգ շէյխ Սալման պըն Համատ Խալիֆա, որ շիի ընդդիմութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու լիազօրուած է, յայտնեց, թէ արտօնութիւն տրուած է ցոյցերը շարունակելու, մինչեւ այն ատեն, որ խաղաղ կը մնան։ Ընդդիմութիւնը անցեալ շաբաթ յայտարարեց, որ պատրաստ է առանց նախապայմանի կառավարութեան հետ երկխօսութեան սկսելու, սակայն միաժամանակ գահաժառանգին նամակ մը յղելով՝ նոր կառավարութիւն մը եւ նոր սահմանադրութիւն մը պահանջեց։
Կիրակի օր, հազարաւոր ցուցարարներ փակեցին երկրի վարչապետին գրասենեակը, սակայն ձախողեցան արգելք հանդիսանալ այդտեղ գումարուող կառավարական ժողովին։ Ցուցարարները կը պահանջեն, որ վարչապետը հրաժարի։ Վարչապետը թագաւորին հօրեղբայրն է եւ 40 տարիէ ի վեր կը գտնուի այդ պաշտօնին վրայ:
Շիի ընդդիմութիւնը սահմանադրական թագաւորութեան մը հաստատումը կը պահանջէ:
Պահրէյնի հարցով Ուաշինկթըն աւելի զգուշաւոր դիրք մը որդեգրած է, որովհետեւ հոն կը գտնուի ամերիկեան նաւատորմիղի խարիսխ մը։