
Չորեքշաբթի, Փետրուար 23ին, Արժանթինի ՀԲԸՄի վարժարանի աշակերտներէն շուրջ 70 հոգինոց խումբ մը, Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանէն աշակերտներու ընկերակցութեամբ այցելեց առաջնորդարան եւ դիմաւորուեցաւ առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանի կողմէ. ապա անոնք առաջնորդուեցան Մայր տաճար, ուր սրբազան հայրը ողջունեց զիրենք, տեղեկութիւններ տուաւ տաճարին կառուցման եւ օծման մասին եւ գնահատեց անոնց ստացած հայեցի դաստիարակութիւնը, ազգասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը:
Սրբազանը ուրախութիւն յայտնեց անոր համար, որ ՀԲԸՄ Արժանթինի վարժարանը սերտ յարաբերութեան մէջ է ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանին հետ, եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց նախաձեռնած ծրագիրներուն:
Աշակերտները նաեւ այցելեցին առաջնորդարանի համալիրը: