
Սանթա Քլարիթա հովիտի Սուրբ Սարգիս Հայց. եկեղեցւոյ հնգամեակին եւ Ս. Սարգիս զօրավարի տօնին առթիւ, Կիրակի, Փետրուար 20ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան պատարագ մատոյց եւ քարոզեց եկեղեցւոյ մէջ: Ս. սեղանին սպասարկեցին ծուխի հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Հայրապետեանը եւ սարկաւագներ:
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 5ին, Կլենտէյլի «Ամպրոժիա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-պարահանդէս մը, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ վայելուչ յայտագիր: Ելոյթ ունեցան Ներսէս քհնյ. Հայրապետեանը, եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Մանօ Սիւքունեանը, ծուխի Ծխական խորհուրդի առաջին ատենապետ Վարդան Վահրամեանը եւ Տիկնանց միութեան ատենապետ Յասմիկ Թապաղեանը:
Եկեղեցւոյ հինգերորդ տարեդարձին առթիւ, սրբազան հայրը Օրհնութեան գիրով գնահատեց հետեւեալ հաւատացեալներուն մատուցած նուիրեալ ծառայութիւնները. Վարդան Վահրամեան (Ծխական խորհուրդի առաջին ատենապետ), Թագուշ Կարապետեան (Տիկնանց միութեան առաջին ատենապետ), Արուսեակ Մարտիրոսեան (երգչախումբի ղեկավար), Օննիկ Ուսարսլանեան (բարերար), ինչպէս նաեւ Տօնարա Սիմոնեան եւ Ալիս Եազկիւլեան՝ իբրեւ նուիրեալ ծառայողներ: