
Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին, Հինգշաբթի, Մարտ 24ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին պատմութեան ընդմէջէն» նիւթով դասախօսութիւն մը պիտի ներկայացուի Պետրոս Թովմասեանի կողմէ, «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403):
Դասախօսը պիտի անդրադառնայ եկեղեցւոյ ճարտարապետական, կրօնական, եւ մշակութային արժէքին եւ պիտի կեդրոնանայ յատկապէս անոր պատմաքաղաքական դերին վրայ: Դասախօսը կը յուսայ, որ Կարսի Ս. Առաքելոց եւ Վասպուրականի Վարագայ վանքը, ինչպէս նաեւ Անիի Մայր տաճարը նոյն բախտին արժանանան, ու կը շեշտէ, թէ այս եւ նման զարգացումներ մեզ բոլորս կը դնեն պատմական լուրջ հրամայականի առջեւ՝ տէր կանգնելու համար մեր պատմական հարստութիւններուն ու արժէքներուն։
Պետրոս Թովմասեան ծնած է Իրաքի Պասրա քաղաքը, 1954ին: Նախակրթական, միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Պաղտատի Հայոց ազգային միացեալ վարժարանէն: Աւարտած է Պաղտատի համալսարանի երկրաչափական բաժանմունքը (1976)՝ ստանալով քաղաքացիական ճարտարագիտութեան մէջ պսակաւոր գիտութեանց վկայականը:
Ինքնաշխատութեամբ ուսումնասիրած եւ մասնագիտացած է Միջագետքի եւ Հայկական լեռնաշխարհի ժողովուրդներու պատմութեան մէջ: 1980էն սկսեալ, Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան մէջ դասաւանդած է հայոց պատմութիւն, մինչեւ 1997, երբ փոխադրուած է Յորդանան: 1997-1998ին, ան դասախօսած է հայոց պատմութեան նիւթեր, Ամմանի ՀՄԸՄի կեդրոնին մէջ: 1999ին տեղափոխուած է Կլենտէյլ ու 2000էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպած է հայոց պատմութեան դասախօսութիւններ՝ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան կեդրոնէն ներս, ու բազմիցս դասախօսած ու ելոյթներ ունեցած է պատկերասփիւռէն:
Ան հեղինակն է «Անցեալը Այսօր» յօդուածաշարին, որուն յօդուածները հրատարակուած էին Իրաքի, Յորդանանի, Լոս Անճելըսի մէջ: 2006ին, Երեւանի մէջ լոյս տեսած է անոր առաջին գիրքը՝ «Հայկական Լեռնաշխարհը եւ Միջագետքը» խորագիրով: Ներկայիս, ան կ՛աշխատի իբրեւ երկրաչափ-ճարտարագէտ Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ, միաժամանակ կը պատրաստէ շարունակութիւնը իր գիրքին: Ան նաեւ Վասպուրականի հայրենակցական միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի փոխատենապետն է:
Դասախօսական ձեռնարկին մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 453-0168 թիւին կամ
info@arpainstitute.org հասցէին: