ՄՈՍԿՈՒԱ, «Նիուզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) մեկնաբանած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու յառաջիկայ հանդիպումը, որ պիտի կայանայ Մարտ 5ին, Սոչիի մէջ:
Ռուսիոյ ԱԳ նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ալեքսանդր Լուկաշեւիչ Մարտ 3ին յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ բանակցութիւններու եռակողմ ձեւաչափը թոյլ պիտի տայ, որ երկու կողմերու դիրքորոշումները մօտենան ու վստահութեան միջոցները ամրապնդուին։
«Ռուսիա, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի այլ համանախագահներու աջակցութեամբ՝ պիտի գործադրէ բոլոր ջանքերը՝ առաջընթացի հասնելու համար: 2010ին կայացած է երեք հանդիպում, որոնք թոյլ տուած են մօտեցնել կողմերուն դիրքորոշումները», ըսած է ան:
Լուկաշեւիչ նաեւ նկատել տուած է, թէ Ասթրախանի մէջ Իլհամ Ալիեւն ու Սերժ Սարգսեանը սկզբունքային պատրաստակամութիւն յայտնած են աշխատանքը շարունակելու՝ կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ:
Յիշեցնենք, որ Սոչիի մէջ կայանալիք Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմ հանդիպման ընթացքին, կողմերը պիտի քննարկեն ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցերը: