
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Հինգշաբթի, Մարտ 3ին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մասնակցած է երկրին ռազմաարդիւնաբերութեան նախարարութեան արտադրական «Ազատ» կեդրոնի բացման պաշտօնական արարողութեան:
Ատրպէյճանի նախագահը այցելած է կեդրոնի զանազան բաժանմունքները՝ ընկերակցութեամբ ռազմա-արդիւնաբերութեան նախարար Եաւեր Ճամալովի, որ մանրամասն բացատրութիւններ փոխանցած է կեդրոնին մէջ արտադրուելիք կազմածներուն մասին:
Կեդրոնին մէջ պիտի արտադրուին առանց օդաչուի օդանաւեր, որոնցմէ մէկը կարողութիւն պիտի ունենայ 4-6 քլմ. բարձրութեան վրայ 4-5 ժամ թռիչքներ կատարելու, իսկ երկրորդը՝ 10 քլմ. բարձրութեամբ սաւառնիլ մինչեւ 12 ժամ:
Կեդրոնը կը պատրաստուի արտադրելու նաեւ 42 ճամբորդ փոխադրող այլ օդանաւ մը, որուն նախագիծերը եւս ներկայացուեցան նախագահին: