ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Ինծի համար յայտնութիւն մըն էր մտաւորական ճարտարապետ Յակոբ Վարդանեանի մէկ այլ աշխարհը, ուր ան ինքզինք կը դրսեւորէ որպէս լիիրաւ ու վաղուց կայացած ամբողջական նկարիչ մը՝ իր ուրոյն խորունկ աշխարհով։
Յակոբ Վարդանեան լրջօրէն կը պատրաստուի իր անհատական ցուցահանդէսին՝ կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄի Կլենտէյլ-Փասատինայի մասնաճիւղին։
Ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ միութեան Փասատինայի կեդրոնին մէջ, Փետրուար 18-19ին։
Յակոբ Վարդանեանի կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ արուեստագէտի կազմաւորման կենսագրութեան մէջ կարեւոր հանգրուաններ եղած են կարգ մը անձերու հետ առնչուող դէպքեր, որոնցմէ վաղագոյնը այն պահն է, երբ Արշակ Չոպանեան Լիբանան տուած այցելութեան ընթացքին կը հանդիպի Յակոբի յաճախած Պուրճ Համուտի «Կիլիկեան» վարժարանը եւ փոքրիկն Յակոբ, քաջալերուած տնօրէնին խրախուսանքէն՝ գրատախտակին վրայ կը նկարէ Վարդան Մամիկոնեանի դասականացած նկարը։ Մեծանուն գրագէտը յուզմունքով ու խանդաղատանքով կը գրկէ զինք ու խորհուրդ կու տայ զարգացնել իր բնածին տաղանդը։
Այնուհետեւ պատանի Յակոբի կեանքին մէջ կը յայտնուի այն «երազի կոյսը», որուն տեսքն ու ներկայութիւնը կ՛ալեկոծեն զինք ու կը մղեն իր ներքին այրումը արտայայտել արուեստի ճամբով։ «Երազի աղջիկը» երկար տարիներ կ՛ապրի երիտասարդ եւ ապա հասուն մարդու ենթագիտակիցին մէջ, ու կ՛ըլլայ տեսակ մը ներշնչանքի մղիչ ուժ։ «Կենսագրութեանս մէջ յայտնուած 13 տարեկան աղջիկը միշտ եղած է իմ երեւակայութեանս մէջ եւ երբեմն ղեկավարած է էութիւնս», կը խոստովանի ան։
Խորապէս հովուերգական պահերու, գոյներու եւ գիծերու ներկայութիւնը զգալի են Վարդանեանի գեղանկարչութեան մէջ՝ քիչ մը վերացական ու գերիրապաշտական շղարշի մը ետին։
Յակոբ Վարդանեան կարօտով ու երախտագիտութեամբ կը յիշէ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան այն տարիները, երբ արուեստի ուսուցիչ Սեպուհ Աբգարեան կոփած է զինք, քաջալերած եւ ուղղութիւն տուած է իր ներքին յուզական հարուստ աշխարհին։ «Պրն. Ս. Աբգարեան յոյժ կարեւոր բարերար ազդեցութիւն ունեցած է վրաս, անկասկած. ան է, որ ինծի տուած է թուղթ ու ներկ, մատիտ ու ածխամատիտ…»։
Յաջորդ հանգրուանը Հայաստանն է Յակոբ Վարդանեանի կենսագրութեան մէջ։ 1969-1975ին, ան ճարտարապետութեան մասնագիտութեան կը հետեւի Երեւանի Պոլիտեխնիկական հաստատութենէն ներս, միաժամանակ շատ մօտէն հետեւելով Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական հիմնարկի դասընթացքներուն՝ սերտ կապեր հաստատելով անուանի նկարիչներու հետ, ինչպէս՝ Երուանդ Քոչար, Էլիբեգեան, Մինաս Աւետիսեան եւ ուրիշներ։
Յակոբ Վարդանեան մասնակցած է խմբական երկու կարեւոր ցուցահանդէսներու՝ ուշադրութիւնը գրաւելով քալիֆորնիահայ արուեստասէր հասարակութեան ու քննադատներու։ Այսպէս, ան տակաւին նոր աւարտած էր «Մելգոնեան» հաստատութիւնը, երբ 1965ին, Պէյրութի մէջ կը մասնակցի Ցեղասպանութեան 50ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին, այնուհետեւ՝ Ֆրանսայի ՀԲԸՄին կազմակերպած յայտնի ցուցահանդէսին, Փարիզի մէջ։
Յակոբ Վարդանեան ունի սուր դիտողականութիւն եւ բնութեան խորհրդաւոր գաղտնիքներուն մէջ թափանցելու իւրայատուկ կարողութիւն։ Ան նաեւ մտածող եւ իմաստասիրող արուեստագէտ է։ Քիւպիստական ու գերիրապաշտական ոճի ստեղծագործութիւններուն մէջ ամէն գիծ, գոյն ու կորութիւն տրամաբանուած են, բայց երաժշտականութիւնը կարելի է համարել իր պաստառներուն գլխաւոր յատկանիշներէն մէկը։
«Ճարտարապետութիւնն ու երաժշտութիւնը շատ մը աղերսներ ունին. երկուքին մէջ ալ կան զօրաւոր կառուցուածք ու տրամաբանութիւն, չափ ու ձեւ: Բնութեան երեւոյթները չեն անհետանար, այլ կը դրոշմուին ենթագիտակիցին մէջ, ապա կու գայ այն պահը, երբ գիտակցութեան կաշկանդումէն դուրս կու գաս ու կը ստեղծագործես ազատօրէն», կ՛ըսէ ան։
Եթէ այսօր շատ ծանօթ անուն մը չէ Յակոբ Վարդանեան, պատճառը իր արուեստի տկարութիւնը չէ, ոչ ալ ամօթխածութիւնը կամ ինքնավստահութեան պակասը։ Ան սպասած է տարիներ, մինչեւ որ հասնի այն աստեղային ժամը, այն հասունացման պահը, երբ ինք հանգիստ պէտք է զգար, թէ հասած է պոռթկալու ժամը։
Արուեստասէր հասարակութեան համար յայտնութիւն մը պիտի ըլլայ Յակոբ Վարդանեանը: Փետրուար 18-19ին այցելեցէք եւ հաստատեցէք այս ճշմարտութիւնը։
Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր սիրելի Յակոբին։