ԱԹԷՆՔ, «Ազատ օր».- Չորեքշաբթի 2 Փետրուար 2011ին, տեղի ունեցաւ Թեսաղոնիկէի Թաղային խորհուրդի եւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներու հանդիպումը՝ Թեսաղոնիկէի նորընտիր քաղաքապետ Եանիս Պութարիսի հետ:
Հանդիպման նպատակն էր՝ շնորհաւորել քաղաքապետը իր պաշտօնի ընտրութեան առիթով, եւ Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի հարցերը ներկայացնել անոր:
Ջերմ ու մտերմիկ հանդիպման ընթացքին, առիթը տրուեցաւ վերահաստատելու բոլոր այն հարցերը, որոնք առաջին անգամ քննարկման առարկայ դարձած էին Թեսաղոնիկէի հայ համայնքին եւ Պութարիսի միջեւ, նախքան անոր ընտրութիւնը տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին:
Նոր քաղաքապետի ուշադրութեան յանձնուեցաւ հիմնականօրէն Թեսաղոնիկէ եւ Գիւմրի քաղաքներու միջեւ եղբայրացման գործընթացի պարագան, որուն համաձայնագիրը կնքուած էր 2000ին, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի Թեսաղոնիկէ կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, երբ անոր կ՛ընկերանար Գիւմրիի քաղաքապետը: Երկու քաղաքներուն միջեւ եղբայրացման այս փրոթոքոլը աշխուժացնելու առաջադրանքով մշակուեցաւ ծրագիր մը, որ առաջին հերթին կը նախատեսէ Թեսաղոնիկէի քաղաքապետին փոխադարձ այցելութիւնը՝ Գիւմրի:
Քաղաքապետ Պութարիս իր պատրաստակամութիւնը եւ խանդավառութիւնը յայտնեց այս ծրագիրին առթիւ:
Զրոյցի առարկայ դարձան նաեւ Թեսաղոնիկէի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի զետեղման եւ կեդրոնական պողոտայի մը անուանակոչման հարցերը:
Քննարկուեցան նաեւ կրթական, մշակութային եւ մարզական հարցեր, որոնց իրագործման գծով քաղաքապետը իր ամբողջական աջակցութիւնը յայտնեց:
Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Սահակ վրդ. Եմիշեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Գունտաքճեան եւ անդամ Վերա Պլէճեան: ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ ներկայ էին Սեպուհ Գասպարեան եւ Պետրոս Հալաճեան: