
ՊԱՔՈՒ.- Իր տեղեկութիւնները Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մօտիկ աղբիւրէ քաղելով՝ Ատրպէյճանի «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը Չորեքշաբթի, Փետրուար 16ին կը տեղեկացնէ, թէ թրքական բազմամարդ պատուիրակութիւն մը մօտիկ ապագային Ատրպէյճան պիտի այցելէ:
Պատուիրակութեան կազմին մէջ կ՛ակնկալուին ըլլալ Թուրքիոյ զինուորական ուժերու հրամանատարութենէն, պաշտպանութեան նախարարութենէն եւ ռազմա-արդիւնաբերութեան մարզէն ներկայացուցիչներ:
Այցելութեան նպատակն է ապահովել անցեալ տարի երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած ռազմագիտական գործըկերութեան եւ փոխադարձ օժանդակութեան համաձայնագիրին իրագործումը: