
ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Օտրոնիոս Ազուպալիս Երեքշաբթի օր, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, թէ Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ աճող լարուածութիւնը անհանգստութիւն կը յառաջացնէ։
Ըստ ԵԱՀԿի պաշտօնական կայքէջին, Ազուպալիս յայտնած է. «ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի աշխոյժ մասնակցութեան միջոցով, այս ձգձգուող հակամարտութեան կարգաւորման հասնելու ԵԱՀԿի դերը պիտի պահպանուի։ Ես կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ ձեռնարկելու վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ միջոցներու, ներառեալ՝ շփման գիծէն դիպուկահարներու անյապաղ հեռացում եւ հսկողութեան գծով ԵԱՀԿի գործունէութեան ամրապնդում»։
Ըստ անոր, Լիթուանիոյ նախագահութիւնը պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի հակամարտութիւններու գօտիին վրայ գտնուող համայնքներուն միջեւ լարուածութեան մեղմացման։