ՄԱՆԱՄԱ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Փետրուար 15ին, հազարաւոր ցուցարարներ անգամ մը եւս հաւաքուեցան Պահրէյնի մայրաքաղաքի գլխաւոր հրապարակին վրայ՝ քաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումներ, ինչպէս նաեւ յաւելեալ ազատութիւններ պահանջելով: Ցոյցերը համեմատաբար խաղաղ ընթացան Երեքշաբթի օր: Իշխանութիւնները ցաւ յայտնեցին, թէ մէկ օր առաջ սկսած ցոյցերուն ընթացքին առնուազն երկու ցուցարարներ սպաննուած են, խոստանալով պատժել պատասխանատուները: Ոստիկանութիւնը Երկուշաբթի օր արցունքաբեր նիւթեր եւ ձգախեժէ փամփուշտներ արձակած էր՝ ցրուելու համար հազարաւոր ցուցարարներ, որոնք ընդառաջած էին բարեփոխութեանց ալիքը Արաբական Ծոց փոխադրելու կոչերուն։ Պահրէյնի ցուցարարները կը շեշտեն, թէ իրենց նպատակը իշխանութեան տապալումը չէ:
Յայտնենք, թէ Պահրէյնի կէս միլիոն բնակչութեան 70 տոկոսը շիի է, սակայն իշխանութիւնը կը գտնուի սիւննիներու հակակշիռին տակ: