
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութեան շէնքին մէջ, Փետրուար 15ին տեղի ունեցած է Հայաստանի «Սոցիալական ներդրումներու հիմնադրամ»ի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստը, զոր վարած է վարչապետ, խորհուրդի նախագահ Տիգրան Սարգսեան:
Նիստին ընթացքին նշուած է, թէ 2010ին աւարտած են 56 ծրագիրներու շինարարական աշխատանքները՝ շուրջ երեք միլիառ դրամ ընդհանուր արժէքով, որոնց շահառուներուն թիւը 537 հազար է:
2010 Դեկտեմբեր 31ի դրութեամբ, Հայաստանի «Սոցիալական ներդրումներու հիմնադրամ»ի իրագործած ծրագիրին երրորդ փուլով աւարտած են 197 ենթածրագիրներ՝ շուրջ 10.2 միլիառ դրամ արժէքով, որոնց 44 տոկոսը հանրակրթական եւ մասնագիտական դպրոցներու առնչուող ծրագիրներ են:
Հիմնադրամի տնօրէն Աշոտ Կիրակոսեանի խօսքով, 2010 Մարտ 5ին, Հայաստանի եւ Համաշխարհային դրամատան միջեւ ստորագրուած է վարկային համաձայնագիր մը, ըստ որուն, «Սոցիալական ներդրումներու հիմնադրամ»ի ծրագիրին յատկացուած է երկրորդ լրացուցիչ աջակցութիւնը, որ կը կազմէ եօթը միլիոն տոլար, որուն գերակշիռ մասը ուղղուած է Երեւանէն դուրս գտնուող, տնտեսական-հասարակական առումով՝ առաւել կարիքաւոր համարուող կարգ մը համայնքներու: