
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինինը».- Փետրուար 15ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, թուրք հրատարակող, իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլու յայտնեց, թէ 1915ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցածը ամբողջութեամբ կը համընկնի «ցեղասպանութիւն» եզրի սահմանումին:
Նշենք, որ նոյն օրը, Ռակըպ Զարաքօլու Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աջակցելուն համար պարգեւատրուած է առաջին հայ տպագրիչ Յակոբ Մեղապարտի անուան շքանշանով: Ըստ թուրք իրաւապաշտպանին, այդ պարգեւատրումը իրեն համար մեծ պատիւ է եւ խթան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ պայքարին ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակելու համար:
Խօսելով Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակին մասին՝ Զարաքօլու յայտնեց, թէ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքները զգալիօրէն կապուած են Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին հետ: Իր խօսքին մէջ իրաւապաշտպանը նշեց, որ ապագային նման յանցագործութիւններ կանխելու համար, անհրաժեշտ է խոստովանիլ անցեալին գործած սխալները. «Ես երազանք ունիմ. ես կը հաւատամ, որ օր մը Թուրքիան պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», ըսաւ Զարաքօլու:
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան համար հատուցման հարցին՝ Զարաքօլու նշեց, որ եթէ մարդու մը իրաւունքները խախտուած են, ապա ան իրաւունք ունի հատուցում պահանջելու: Ըստ իրեն, նոյնիսկ եթէ Հայաստանն ու Թուրքիան որեւէ եզրակացութեան մը յանգին, չեն կրնար Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն արգիլել իրենց իրաւունքները պահանջելը: