
ՆԱԶԱՐԷԹ ՍՐԿ. ՔԻՐԱԶԵԱՆ
Տոհմիկ աւանդութիւնները ժողովուրդի մը կեանքին մէջ ձեւաւորուած ու արմատացած սովորութիւններ են, որոնք սերունդէ սերունդ փոխանցուելով՝ առաւել կամ նուազ չափով մաս կը կազմեն ժողովուրդի ազգային դիմագիծին: Համաշխարհայնացումի աշխարհակուլ ալիքներուն դիմաց եւ կրօնական-համայնքային խայտաբղէտ սովորութիւններու ու ապազգայնացնող աւանդութիւններու դէմ, մեր ինքնութեան անկապտելի բաղադրամասը կազմող հայկական տոհմիկ աւանդութիւններու անեղծ պահպանումը այս օրերուն հրամայական մը դարձած է աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար:
Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր նոր տարուան առաջին դասախօսութիւնը նուիրել հայկական եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն՝ իր ունկնդիրները իրազեկ դարձնելու անոնց ճշգրիտ մեկնաբանութեանց եւ կատարողական կարգին: Դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունուար 23ին, յաւարտ Ս. պատարագի եւ աւանդական հիւրասիրութեան, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ: Դասախօսն էր՝ Հայց. եկեղեցւոյ ծիսակատարութեանց եւ աւանդութիւններուն քաջատեղեակ, թեմիս քրիստոնէական դաստիարակութեան վարիչներէն, աստուածաբանութեան մաքիստրոս Պարթեւ վարդապետ Կիւլիւմեան:
Դասախօսութեան նախորդեց Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան աւետումը եկեղեցւոյ երգչախումբին կողմէ: Շնորհաշատ երգչուհի Զուարթ Սերայտարեան, իր թաւշեայ գեղեցիկ ձայնով կատարեց «Ով զարմանալի» ջրօրհնեաց տաղը: Ապա երգչախումբը հնչեցուց Մ. Եկմալեանի «Սուրբ Սուրբ»ը, որուն յաջորդեց Ս. Աստուածածինին նուիրուած «Մինչ օրրանէս» զուգերգը՝ կատարողութեամբ Զուարթ Սերայտարեանի (սոփրանօ) եւ խոս-տմնալից երգչուհի Գարին Փիլաւեան-Քիրազեանի (ալթօ): Հուսկ երգչախումբը Մ. Եկմալեանի «Ով Հայոց աշխարհ» ստեղծագործութեամբ եզրափակեց գողտրիկ յայտագիրը՝ արժանանալով ունկնդիրներու ծափահարութիւններուն:
Լուսի Սանոսեան, յանուն դաստիարակչական յանձնախումբին, բարի գալուստ մաղթեց յարգոյ ներկաներուն եւ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի կենսագրականը, որն ամբողջութեամբ նուիրում ու անսակարկ ծառայութիւն էր Հայց. եկեղեցւոյ: Ապա հրաւիրեց զինք՝ ներկայացնելու հայկական եկեղեցւոյ աւանդութիւնները:
Սկսելով առաքեալներու շրջանէն սկիզբ առած խաչակնքումով, որ ծիսական արտայայտչաձեւ է՝ հայր սուրբը նշեց, որ խաչակնքելով մեր ամբողջ մարմինը, սիրտն ու հոգին, Ս. խաչին նշանովը կը կնքենք ու կը դաւանինք ամենասուրբ երրորդութիւնը: Աջ ձեռքի բթամատի, ցուցամատի եւ միջնեմատի իրար միացումը խաչակնքման ընթացքին, կը խորհրդանշէ երրորդութեան անբաժան ըլլալը, իսկ խաչակնքումի ձեւը ունի հետեւեալ բացատրութիւնը: Յիսուս երկինքէն (ճակատ) երկիր իջաւ (կրծքավանդակ), քարոզեց եւ հաւատացեալները սատանայի գերութենէն (ձախ կողմէն) ազատագրելով իր թագաւորութեան մէջ բերաւ (աջ կողմ): Ամէն:
Մոմավառութիւնը բարեպաշտական սովորութիւն մըն է, որ կը խորհրդանշէ աստուածային կրակով մեղքի մոխրացումը: Յիսուսի Յարութեան ճրագալոյցի օրը եւ Տեառնընդառաջին, եկեղեցիէն վառած մոմ տանիլ տուն՝ կը խորհրդանշէ Յիսուսի լոյսով ջերմացնել մեր օճախները:
Խնկարկութիւնը կը խորհրդանշէ հաւատացեալներու առ Աստուած բարձրացող աղօթքը. ինչպէս կ՛ըսէ սաղմոսերգուն. «Ուղիղ եղիցին աղօթք իմ, որպէս խունկ առաջի քո Տէր»:
Երկրպագութեան անդրադառնալով՝ ան ըսաւ, որ երկրպագել կը նշանակէ խոնարհիլ եւ Աստուած փառաւորել: Հայր սուրբը ընդգծեց, որ Նիկիոյ տիեզերական առաջին ժողովը (325 թուական) կանոն կը սահմանէ Կիրակի օրերը ոչ թէ ծնրադրելով աղօթել, այլ կանգնած՝ պատուելու համար Կիրակի օրուան խորհուրդը:
Այնուհետեւ հայր սուրբը կանգ առաւ Անդաստանին վրայ, որն աշխարհի չորս ծագերը օրհնելու հայ եկեղեցւոյ յատուկ ու գեղեցիկ արարողութիւն մըն է, ուր հոգեւորականաց դասը խաչով եւ աւետարանով նախ կ՛օրհնէ արեւելքը եւ այնտեղ գտնուող Հայոց հայրապետութիւնն ու հանրապետութիւնը, ապա արեւմուտքը, ու այնտեղի քրիստոնեայ թագաւորութիւններն ու ազգերը: Հարաւէն կ՛օրհնուին հարաւի երկիրները ու անոր անդաստաններն ու պտղաբերութիւնը, իսկ հիւսիւսէն՝ այնտեղ գտնուող վանքերը, անապատները, անմարդաբնակ վայրերը, քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց բնակիչները:
Գերեզմանօրհնէք եւ հոգեհանգիստին մասին խօսելով՝ ան ըսաւ, որ առաջինին նպատակն է յիշել ննջեցեալները եւ անոնց աւետել յարութեան յոյսը: Իսկ երկրորդին նպատակն է աղօթք բարձրացնել ննջեցեալներու հոգիներուն համար, որպէսզի Աստուած ոչ թէ արդարութեամբ, այլ իր մեծ ողորմութեամբ դատէ զանոնք:
Մատաղօրհնէքը հայ եկեղեցւոյ յատուկ ծէսերէն մէկն է, որուն նպատակն է Աստուծոյ նուէր ընծայաբերել կենդանիներէն ամենաընտիրը (պայմանով, որ արու ըլլայ), եւ բարեգործութեան նպատակով զայն բաժնել կարօտեալներուն: Մատաղօրհնէքի ժամանակ կ՛օրհնուի աղը եւ կը տրուի զոհաբերուող մատաղցու կենդանիին՝ զայն արժանի ընելով Աստուծոյ նուիրաբերման՝ մաքրուած իր մեղքէն: Աղ կ՛օրհնուի նաեւ տնօրհնէքի ժամանակ, երբ քահանայ հայրեր Ս. Յարութեան աւետիսը կը փոխանցեն:
Ապա հայր սուրբը պարզեց սուրբերու պատկերներ ու մասունքներ մեծարելու, ինչպէս նաեւ ուխտագնացութիւններու նկատմամբ մեր եկեղեցւոյ ունեցած դիրքորոշումը, իսկ աւարտին, ան լայն տեղեկութիւններ տուաւ նաեւ խաղողօրհնէքի, Միւռոնի պատրաստման, խաւարման գիշերուայ ժամերգութեան արարողութիւններուն եւ աւանդութիւններուն մասին:
Արժանին մատուցելու համար հոգեշնորհ հայր սուրբին, պէտք է նշել, որ շնորհիւ իր աստուածաբանական հմտութեան, ան շեշտեց կարեւորութիւնը մեր աւանդութիւնները հեռու պահելու օտար նախապաշարումներէ եւ սնոտիապաշտութիւններէ՝ իր խօսքերը հիմնաւորելով Ս. աւետարանէն համարներով եւ մեր սրբազան հայրապետներու համոզիչ մեկնաբանութիւններով: Հայր սուրբը նաեւ մեծ սիրով պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն՝ անոնց տալով սպառիչ, յստակ եւ համոզիչ պատասխաններ: Ներկաները գոհունակ սրտերով հրաժեշտ տուին հայր սուրբին եւ դաստիարակչական յանձնախումբի նուիրեալ անդամներուն՝ իրենց հետ տանելով մեր եկեղեցական գեղեցիկ աւանդութիւններու ճշգրիտ մեկնաբանութիւնները: