
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Չորեքշաբթի, Փետրուար 2ի յետմիջօրէին այցելեց Ազգ. առաջնորդարան եւ դիմաւորուեցաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ու ժողովականութեան ներկայացուցիչներու կողմէ։ Նախարարուհիին կ՛ընկերանային Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ հիւպատոս Մեսրոպ Շապոյեան, իսկ առաջնորդին կողքին էին Կրօնական ժողովի անդամներէն Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, Ազգ. վարչութեան անդամներէն Ռիմա Պօղոսեան, Վահան Պզտիկեան, Խաչիկ Երէցեան եւ Սագօ Շիրիքեան, ինչպէս նաեւ Ազգ. առաջնորդարանի առաքելութեան տարածման յանձնախումբի ատենապետ Հրայր Ճերմակեան եւ Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներէն Մարիամ Կարապետեան, Ծովիկ Զէյթլեան ու Սալբի Սրուրեան։ Ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մարտիկ Կապուտեան։
Առաջնորդը ողջունեց յարգելի հիւրերը, յատկապէս նախարարուհին, որուն այս այցելութիւնը մարմնաւորուեցաւ ուրախալի լուրով մը, այն՝ որ Հայաստանի մէջ յղացուած է գաղափարը ունենալու խորհրդարանի վերին պալատ մը, որուն մասնակից պիտի ըլլան նաեւ Սփիւռքի հայութեան ներկայացուցիչներ։ Առաջնորդը այս առաջադրանքին մէջ տեսաւ հայրենիքին ու արտերկրի հայութեան միջեւ գործակցութեան զարգացման յենարան մը։
Խօսակցութիւնը զարգացաւ հայրենական հարցերով ու կեդրոնացաւ յատկապէս սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն վրայ, որոնց մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ նախարարուհին՝ միաժամանակ պատասխանեով ներկաներու հարցումներուն։ Ան կանգ առաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ օղակներու գոյացման ու անոնց ամրապնդման կարեւորութեան վրայ, նշելով, որ այս գծով, պէտք է գնահատել հայրենի պետութեան առած քայլերը։
Անդրադառնալէ ետք Հայաստանի վերանկախացումէն այսդին հայութեան անցած հանգրուաններուն՝ ան կեդրոնացաւ նախարարութեան աշխատանքներուն վրայ, որոնց մէջ Սփիւռքէն գործակցական ներդրում ապահովուած է։ Այս առումով, ան վեր առաւ մեր եկեղեցւոյ, կուսակցութեանց ու միութիւններուն դերակատարութիւնը։ Ան անդրադարձաւ տարբեր գաղութներու առանձնայատկութիւններուն, նշելով, որ Քալիֆորնիան ներկայիս կը հանդիսանայ, Ռուսիայէն ետք՝ սփիւռքեան մեծագոյն գաղութը, որ նաեւ կազմակերպուած վիճակ ունի։ Ան յայտնեց, թէ նախարարութիւնը իրեն դիմաց ունի առաջնահերթութիւններ, ինչպէս՝ հայապահպանում, սփիւռքագէտներու պատրաստութիւն, Հայաստան-Սփիւռք փոխադարձ ճանաչողութեան ու վստահութեան զարգացում, «Երիտասարդութեան տարի» եւ այդ ծիրին մէջ գործնական ծրագիրներու հետապնդում, գիրքերու հրատարակութիւն, համերգներու կազմակերպում, եւ այլն։
Սրտի խօսք արտասանեց գլխաւոր հիւպատոսը՝ վկայելով, որ նախարարուհիին խանդավառութիւնը վարակիչ է ու համապատասխան մթնոլորտ կը ստեղծէ իր այցելած օճախներուն մէջ։ Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց առաջնորդին ու հիւպատոսութեան հետ գործակցող բոլոր միաւորներուն, որոնք կը նպաստեն այս աշխատանքներու զարգացման։
Ողջոյնի խօսք մը ուղղեց նաեւ Ազգ. վարչութեան ատենապետուհին. ան յիշեց նախարարուհիին հետ իր հանդիպումներէն քաղած տպաւորութիւնները՝ դրուատելով անոր ջերմ վերաբերմունքը։ Ան շեշտեց, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կազմուող կամուրջները պէտք է ամրապնդել հաստատ հիմերու վրայ, որուն համար փոխադարձ ըմբռնումն ու անկեղծ գործակցութիւնը կենսական են եւ նպաստաւոր մեր հայրենիքին։
Մարտիկ Կապուտեան նկատել տուաւ, որ նախարարուհիին այցելութիւնները ընդհանրապէս կարճատեւ կ՛ըլլան, մինչդեռ ցանկալի է, որ անոր յաջորդ այցելութիւնները տարածուին աւելի երկար ժամանակի վրայ, որպէսզի առիթ ունենայ աշխատանքային հանդիպումներ ունենալու մեր գաղութի տարբեր միաւորներուն հետ, ինչ որ պիտի նպաստէ փոխադարձ ճանաչողութեան եւ գաղութի իրականութենէն ու կարիքներէն բխող ծրագիրներու մշակման։
Ողջոյնի խօսք արտասանեց նաեւ Տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենապետուհի Մարիամ Կարապետեան, որ կանգ առաւ յատկապէս սփիւռքեան գաղութները մաշումի տանող խառն ամուսնութիւններէն բխող մտահոգութեանց վրայ։
Պաշտօնական խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ խորհրդակցական զրոյց, որուն ընթացքին ներկաները կանգ առին փորձառութիւններու փոխանակման կարեւորութեան եւ հայութիւնը տագնապեցնող կամ գոհունակութիւն առթող երեւոյթներու վրայ։ Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին աւարտին, առաջնորդը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նախարարուհիին՝ սոյն այցելութեան ու հոգեշահ զրոյցին համար։ Ապա նախարարուհին եւ առաջնորդը յուշանուէրներ փոխանակեցին։