
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կիրակի, Յունուար 23ին, կ.ե. ժամը 5ին, ներկայ գտնուեցանք բեմադրութեամբ հանրածանօթ դերասան եւ բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեանի բեմադրած եւ Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄի «Արտաւազդ» թատերախումբին ներկայացուցած անգլիացի թատերագիր Տերէք Պենֆիլտի «Չորեքշաբթի… սիրելիս» կալա-ներկայացման, միութեան Ալթատինայի «Ա. Մանուկեան» կեդրոնի թատերասրահին մէջ:
Կրկնութեան գնով դարձեալ կ՛ուզենք յիշեցնել, թէ «Արտաւազդ» թատերախումբը Ամերիկայի Արեւմտեան այս ափին միակ օրինակելի ու գործօն խումբն է, որ ամէն տարի երկու ելոյթներով թատերասէր հանրութեան կը ներկայանայ: Այս մէկը ինքնին մեծ բարենիշ մըն է, սփիւռքեան մեր այս պայմաններուն մէջ:
Միշտ ի մտի ունենալով այս թատերախումբին ապագայի հաշւոյն նորանոր յաջողութիւնները՝ շեշտած ենք խումբին դրական եւ բացասական կողմերը, եւ գնահատելով հանդերձ, կատարած ենք նաեւ թելադրանքներ, որովհետեւ իրմէ աւելին ակնկալած ենք:
Հաւատացած ենք, որ մեզի նման, սոյն խումբի պատասխանատուներն ալ քաջատեղեակ են, թէ՝
– Թատրոնը դպրոց մըն է, եւ նման բոլոր կրթական հաստատութիւններուն, ան ունի իր սրբազան առաքելութիւնը: Ան նաեւ մեր մշակոյթի պահպանման եւ տարածման լաւագոյն միջոցներէն մէկն է:
– Թատրոնը նպատակ մը պէտք է ունենայ: Ան հարց մը պէտք է կարենայ պարզել, ու նոյն այդ հարցին կամ այլ հարցերու լուծում մը գտնել: Աւելին՝ ան պէտք է կեանքի պատկեր մը հրամցնելով հանդերձ, մեզի պատգամ մըն ալ փոխանցէ:
– Թատրոնը պէտք չէ դառնայ պարզ զուարճանքի տեղ եւ ժամանցի վայր մը, ուր մարդիկ միայն կու գան պարզապէս խնդալու համար:
– Թատրոնը պէտք է, որ ապրի նաեւ ժողովուրդին հետ, անոր ցաւերով ու երազանքներով: Այս մէկը էական է ու կենսական:
– Թատրոնը, որպէսզի չտուժէ, պէտք չէ երբեք ձրի գովասանքէն քաջալերուած՝ հասնի անորակ իր մակարդակին:
Այնպէս կ՛երեւի, թէ հանդիսատեսէն չսիրուելու վախի մը ստուերը միշտ ի մտի է բոլոր թատերախումբի պատասխանատուներուն մօտ: Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ միայն հանդիսատեսի ծափահարութիւններէն դատելով կարելի չէ շարունակել միօրինակ, սովորական խաղերու ընթացքն ու ցանկը: Հաւատացած ենք, թէ որպէսզի թատրոնը իր կոչումին տէրը մնայ, պէտք է զայն պաշտպանել զինք ծափահարող ժողովուրդի ախորժակներէն: Պէտք է ստեղծել հարկ եղած կլիման: Պէտք է ժողովուրդը իրեն բերել եւ ոչ թէ զինք ժողովուրդին քմայքին զոհ դարձնել:
Տակաւին կը հաւատանք, ու կը յուսանք մեզի հետ կը հաւատան սոյն թատրոնի պատասխանատուներն ալ, թէ հայ թատրոնը այս օրերուն հիմնուած պէտք է, որ ըլլայ ոչ թէ օտար այլ հայկական թատերական ստեղծագործութեանց վրայ: Այլ խօսքով, պէտք է քաջալեր հանդիսանալ դասական կամ ժամանակակից թատերագիրներուն, որոնց աշխատանքներու բեմականացումներով կարելի պիտի ըլլայ զիրենք եւս դէպի յաջողութիւն առաջնորդել:
Անկասկած, որ յարատեւելու համար, ստիպուած ենք այս օրուան յատուկ նոր պահանջներով ծրագրել եւ գործել: Սակայն, երբ կը տեսնենք, որ մեր իրականութեան մէջ դժուար է հայ թատերախումբ մը պահելը, իսկապէս գնահատելի կը գտնենք ՀԲԸՄի «Արտաւազդ» թատերախումբին ներկայութիւնը մեր գաղութէն ներս: Գիտենք, կը տեսնենք ու կ՛ապրինք նաեւ այն բոլոր դժուարութիւնները, որոնք կը դիմագրաւուին խումբին անձնակազմին եւ մանաւանդ դերասաններուն կողմէ:
Հոս տեղին է նշել, թէ կարելի չէ պարզ բառերով գնահատել խումբի բոլոր դերասան-դերասանուհիներուն զոհողութեան ու զոհաբերութեան չափանիշը: Անոնց սէրն ու նուիրումն է, որ պահած է այս խումբը: Կը գիտակցինք այդ բոլորին երախտագիտութեամբ:
Այս բոլոր մատնանշումները կ՛ընենք՝ մեկնած մեր անկախ մտածումէն եւ անշահախնդիր դատումէն, սրտբացօրէն եւ անկեղծ, որովհետեւ իսկապէս մենք մեծ ակնկալութիւններ ունինք այս խումբէն եւ իր բեմադրիչէն:
Անցնելով «Չորեքշաբթի… սիրելիս» խաղին, զոր հայացուցած էր բեմադրիչ Սաթամեանը, պէտք է նախ անպայմանօրէն շնորհաւորական խօսքեր արձանագրել խաղի այն 5 դերասան-դերասանուհիներուն հասցէին, որոնք յաջողութեամբ ելոյթ ունեցան:
Խաղին նիւթը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ ամուսնացած զոյգերու անհաւատարմութիւններու ներկայացումը: Սովորական եւ պարզ երկու արարներու վրայ երկարող այս կատակերգութեան գործողութիւնները տեղի կ՛ունենային նոյն լայն բեմին վրայ, ուր երկու տարբեր յարկաբաժիններու բաժնող մասեր պատրաստուած էին:
Սէր, սիրահարական խօսքեր, պոռչտուք, յուզում, արագ, իրերայաջորդ եւ անակնկալ հանգոյցներ, անզիչող կեցուածք, արդարացում, վախի զգացում, գաղտնի հանդիպումներու ծրագրումներ, «դաւաճանութիւն» եւ այլ դէպքեր ու արարքներ… ու շնորհիւ գաղութիս ծանօթ դերասաններուն եւ բեմադրիչին՝ սոյն կատակերգութիւնը դէպի յաջողութիւն առաջնորդուեցաւ: Յաջողութեան մէջ իւրաքանչիւր դերասան իր արդար բաժինն ու քրտինքը ունէր հաստատապէս:
Այսպէս, Ուինտիի դերով Նարինէ Աւագեանը, Ռաֆֆիի՝ Ալեքս Խորշիտեանը, Լիլիի՝ Սօսի Վարժապետեանը, Հայկի՝ Ռուբէն Հարմանտայեանը եւ Նորայի՝ Մարօ Աճէմեանը, արհեստավարժ դերասաններու հմայքը ձգեցին սրահէն ներս: Իւրաքանչիւրին մօտ տեսանելի էր իրեն վստահուած կերպարը մարմնաւորելու հարազատութիւնը եւ շարժուձեւերու բնականոն ընթացքը:
Անոր համար ուժգնօրէն ծափահարեցինք բեմին վրայ երեւցող այս 5 մեծ դերասաններուն ու բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեանին։ Նոյնպէս ալ ծափ տուինք ձեւաւորումը կատարողին, երաժշտական ձեւաւորումը պատրաստողին ու թեքնիք կազմի պատասխանատուներուն:
Թատերախաղէն ետք բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան ճաշկերոյթի, որուն պաշտօնական բաժինին ընթացքին, «Պոյաճեան» սրահին մէջ թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Արա Պապայեանը իր սրտի խօսքով շնորհաւորեց խումբն ու բեմադրիչը, ու բարձր գնահատանքով անդրադարձաւ մեծ ու փոքր, հին եւ նոր բոլոր դերասաններուն՝ հայ բեմին ու թատրոնին հանդէպ ունեցած անսակարկ զոհողութեան ու անհուն սիրոյն: Ան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ թատերախումբի հին ու նոր հովանաւորողներուն: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ բեմադրիչը, որ իր շնորհակալութեան խօսքերը հասցէագրեց թատերախումբի թեքնիք բաժինի իւրաքանչիւր պատասխանատուին՝ Հրաչ Աճէմեանի, Արփի եւ Ճան Սամուէլեաններու, Մանուկ Սաթամեանի, Մարինէ Աւագեանի, Անոյշ Նաճարեանի եւ բոլոր անոնց, որոնք օգտակար հանդիսացած էին սոյն խաղի սկիզբէն ի վեր: