ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հոլիվուտի նորակառոյց Հայ կեդրոնը արդէն իսկ իսկական տուն մը դարձած է շրջանի զանազան կազմակերպութեանց համար: Ամէն շաբաթավերջ, ՀՄԸՄի սկաուտական եւ ընկերային ծրագիրները զբաղ կը պահեն կեդրոնը, որ անցնող շաբաթավերջին նաեւ «Սուփըր պոլ»ը միասնաբար դիտելու առիթ ընծայած էր:
«Փիլիպոս»ի աշակերտները եւս հոն են, թէ՛ դասաւանդութիւններէն առաջ տեղի ունեցող մարզանքի փորձերու եւ թէ արտադպրոցական ծրագիրներու համար, որոնցմէ մէկն է դերասանուհի Լոռի Թաթուլեանի գլխաւորած թատրոնի ծրագիրը: ՀՅԴ Պատանեկանը եւս հոն է Ուրբաթ օրերը, իսկ Հայ Դատի յանձնախումբի կամաւորներուն ներկայութիւնը զգալի էր յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու աշխատանքի օրերուն եւ անցեալ Չորեքշաբթի օր, երբ քաղաքապետ Վիարայկոսան այցելեց կեդրոնը:
ՀՕՄը, Հայ մշակութային հիմնարկութիւնը, «Արփա» հիմնարկը (AFFMA), Ամերիկահայ տարեցներու միութիւնն ու այլ կազմակերպութիւններ եւս կը վայելեն նոր կեդրոնը, որ նաեւ ունի նոր «հայրիկ» մը, որուն շնորհիւ, շաբթուան ընթացքին Հայ կեդրոնը բաց պիտի մնայ կ.ե. ժամը 3էն սկսեալ առնուազն մինչեւ 7, իսկ շաբաթավերջերուն՝ կ.ա. ժամը 10էն մինչեւ կ.ե. ժամը 2: Այսուհետեւ, «Փիլիպոս»ի ծնողները կրնան հոն հանդիպիլ իրենց զաւակներուն, նաեւ հոն կրկնան հանգստանալ՝ սուրճ մը խմելով, «Ասպարէզ» կարդալով, պատկերասփիւռ դիտելով կամ օգտուելով համացանցի անթել կապէն (Wi-Fi):
Անցեալ Շաբաթ, Փետրուար 5ին, կեդրոնի ընկերային յանձնախումբը կազմակերպած էր ֆուլկերոյթ մը, որ ի մի բերաւ աւելի քան 20 հին ընկերներ՝ հաճելի պահեր ստեղծելով բոլորին համար: Ներկաները այնքան գոհ մնացին, որ խնդրեցին կազմակերպիչներէն նման հաւաքներ ամէն շաբաթ կազմակերպել: Ընկերային յանձնախումբը ընդունեց այս «մարտահրաւէրը», սակայն չի կրնար երաշխաւորել, թէ մասնակիցներուն լուսանկարները միշտ լոյս պիտի տեսնեն «Ասպարէզ»ի մէջ…
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.