(Հ.Հ. երկպալատ Ազգային Ժողով Ստեղծելու Սփիւռքի Նախարարին Առաջադրանքին Առիթով)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Աւելի քան բնական ու սպասելի էր, մինչեւ իսկ անհրաժեշտութիւն էր այն արագ եւ տարածուն արձագանգը, որուն արժանացաւ ՀՀ Սահմանադրութեան բարեփոխման ճամբով երկպալատ Ազգային Ժողով ստեղծելու Հայաստանի Սփիւռքի նախարարին նոր առաջադրանքը։
Յունուարի վերջին օրերուն, Քալիֆորնիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին, սփիւռքահայերու մասնակցութեամբ Ազգային Ժողովի Վերին Պալատ կամ Ծերակոյտ մը կազմելու իր սահմանադրական առաջարկութեամբ, տիկին Հրանուշ Յակոբեան անակնկալի բերաւ թէ՛ իրեն հետ հանդիպման եկած Լոս Անճելըսի հայութեան ներկայացուցիչները, թէ՛ ընդհանրապէս հայկական հանրային կարծիքը՝ ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի։
Սփիւռքի նախարարը փաստօրէն կը հրապարակէր ոչ միայն իր կառավարութեան ու նախարարութեան, այլեւ նոյնինքն նախագահ Սերժ Սարգսեանի տրամադրութիւնները՝ քալիֆորնիահայ իր զրուցակիցներուն յայտարարելով, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մտադիր է բարեփոխելու իր գործող Սահմանադրութիւնը, ի սպաս երկպալատ Ազգային Ժողովի ստեղծման գաղափարին։
Յատկանշականօրէն՝ Հրանուշ Յակոբեանի յայտարարութեան արագօրէն արձանգանգեց եւ հակազդեց նաեւ Հայաստանի նախագահին մամլոյ բանբերը, որ փութաց պաշտօնապէս ու անմիջապէս յստակացնելու, թէ՝
– Սփիւռքի նախարարուհիին հրապարակած առաջարկութիւնը միայն մէկն է, թերեւս ամէնէն նպատակայարմարը, ՀՀ նախագահին կողմէ քննարկման արժանի ու առարկայ նկատուող տարբերակներէն,
– Սահմանադրական բարեփոխում նախատեսող որեւէ առաջադրանք, բիւրեղանալու եւ վերջնական տեսքի բերուելու համար, պէտք է անցնի համապատասխան օրինական աշխատակարգէ՝ փորձագիտական եւ հանրային քննարկումներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական շրջանակներու գնահատման ենթարկուելու ճամբով։
Երկպալատ Ազգային Ժողով ստեղծելու նախարարական առաջադրանքին մասին իր տեսակէտը հրապարակեց նաեւ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահը, որ բացառեց սահմանադրական բարեփոխման ուղղութեամբ որեւէ օրէնսդրական քայլ՝ նախքան խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրոււթիւններուն աւարտը։
ՀՀ իշխանութեանց վերին օղակներուն կողմէ Սփիւռքի նախարարին անակնկալ առաջարկութեան տրուած այսօրինակ արձագանգն ու հակազդեցութիւնները փաստօրէն ծառայեցին մէկ նպատակի։ Ըստ ամենայնի կանաչ լոյս բացին առաջարկութեան թեր եւ դէմ տեսակէտներու խմորումին առջեւ՝ հանրային ու քաղաքական քննարկումներու ճամբով, բայց այդ բոլորը հեռու պահեցին օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու կիզակէտէն։
Այդքանն ալ բաւարար է, անշո՛ւշտ, որպէսզի հայ քաղաքական միտքը անհրաժեշտ խորութեամբ ու համակողմանի ընդգրկումով իր լուսարձակին տակ պահէ Սփիւռքի նախարարին առաջադրանքը։ Մանաւանդ որ միայն հրապարակման իր ժամկէտով ու լսարանով, յայտարարութեան հեղինակով ու ստացած տարազումով նորութիւն է առաջադրանքը։ Այլապէս՝ իր խորքով ու նշանակէտով առաջադրանքը ոչ միայն նորութիւն չէ, ոչ միայն տարիներէ ի վեր խմորուող մտածումներու եւ մօտեցումներու կ՛արձագանգէ, այլեւ կ՛առընչուի նոյնինքն հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան հիմնական հարցին՝ Հայոց Պետական Տան լիարժէք կայացումին։
Այսինքն՝ ի վերջոյ ՀՀ իշխանութեանց բարձրագոյն դիրքէն համազգային օրակարգի վրայ կը բերուի ողջ հայութիւնը, հայրենական թէ աշխարհասփիւռ իր բոլոր միաւորներով, միաձոյլ ազգային պետականութեան քաղաքական կազմակերպ անօթին մէջ համարկելու կարեւորագոյն խնդիրը։
Այդ պատճառով ալ որքան բնական ու անխուսափելի են Սփիւռքի նախարարին առաջարկութեան արագօրէն հետեւած արձագանգն ու հակազդեցութիւնները, նոյնքան հրամայական անհրաժեշտութիւն է դիմագրաւումը առաջադրուած լուծումը իր սաղմին մէջ խեղդել փորձող չարաշահումներուն։ Իսկ այդպիսիք՝ բուն օրակարգին դէմ ուղղուած դիրքորոշումները արդէն նկատելի են եւ կը փորձեն, Ազգային Ժողովը երկպալատ դարձնելու առաջարկին անորոշութիւններն ու թերութիւնները շահարկելով, հարուածի տակ դնել եւ վարկաբեկել Հայաստանն ու Սփիւռքը ազգային պետականութեան անօթին մէջ համարկելու եւ միաձուլելու մեծագոյն նպատակը։
Անկասկած որ իսկապէս յստակացումի կը կարօտի Սփիւռքի նախարարութեան առաջարկը՝ թէ՛ իր էութեամբ, թէ՛ իր տարազումով։
Նախ՝ իր էութեամբ, որովհետեւ ի վերջոյ ի՞նչ հարցի կամ հարցերու լուծման պիտի ծառայէ երկպալատ Ազգային Ժողովի ստեղծումը։ Սփիւռքի նախարարին առաջարկութիւնը կ՛ենթադրէ՞ արտերկրի հայութեան մասնակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարման գործին։ Կ՛ենթադրէ՞, նոյնպէս, Հայաստանի իշխանութեանց վերահասութիւնը հայկական գաղթօճախներու ազգային կազմակերպ կեանքի ղեկավարումին։ Արտերկրի հայութիւնը ի՞նչ հիմունքով պիտի ճշդէ իր ազգային–պետական ներկայացուցչութիւնը։ Իւրաքանչիւր գաղթօճախ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ իրաւավիճակով ներկայացուած պիտի ըլլայ եւայլն։
Ապա՝ իր յայտարարուած տարազումով ալ առաջարկութիւնը հարցականներու տեղիք կու տայ, որոնց պատասխանները դեռ չկան։ Ինչո՞ւ երկպալատ դարձնել Ազգային Ժողովը եւ չմտածել Ազգային Ժողովի այժմու միապալատ դրութեան մէջ ամբողջ հայութեան օրէնսդրական մասնակցութիւնը ապահովելու սահմանադրական բարեփոխման մասին։ Իրաւասութիւններու եւ պարտաւորութեանց կանոնակարգման առումով՝ ի՞նչ վերաբերումի պիտի արժանանան նախ Հայաստանի Հանրապետութեան այն քաղաքացիները, որոնք արդէն սփիւռքահայ դարձած են, ապա՝ այն սփիւռքահայերը, որոնք ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած են, բայց արտասահմանի մէջ է իրենց մնայուն բնակութիւնը, եւ վերջապէս այն սփիւռքահայերը, որոնք ՀՀ քաղաքացիութիւն չունին։
Այսօրինակ բազում հարցականներու դուռ կը բանայ եւ համապատասխան յստակացումներու հրամայականը կը շեշտէ Սփիւռքի նախարարին առաջարկութիւնը։
Այդ առումով ալ հիմնաւոր է եւ իրաւացի հակազդեցութիւնը բոլոր անոնց, որոնք «Կանխահաս առաջարկ» նկատեցին Սփիւռքի նախարարին յայտարարութիւնը, կամ՝ արդարացիօրէն մատնանշեցին, թէ «շատ հարցականներ եւ սակաւաթիւ պատասխաններ» առթող քայլ մըն էր եղածը։
Աւելի՛ն. հասկնալի կրնայ ըլլալ նոյնիսկ հակազդեցութիւնը անոնց, որոնք նաեւ Հայաստանի ներ–քաղաքական դաշտի հրամայականներով եւ նախընտրական փուլի հաշուարկներով բացատրութիւն փնտռեցին Սփիւռքի նախարարութեան կատարած անակնկալ յայտարարութեան։ Եղան հրապարակումներ, օրինակ, որոնք մատնանշեցին, թէ Ազգային Ժողովի վերին պալատ ստեղծելու գաղափարին հեղինակային իրաւունքը կը պատկանի Դաշնակցութեան, իսկ իշխանութիւնները Սփիւռքի նախարարին Լոս Անճելըսի մէջ կատարած առաջարկութեամբ՝ փաստօրէն նախընտրական փուլի քաղաքական իրենց շահերուն ծառայող քայլ մը առին եւ ընտրազանգուածի բազկերակը շօշափեցին։
Բայց ոչ մէկ պարագայի հասկնալի կրնայ նկատուիլ կամ արդարացուիլ հակազդեցութիւնը բոլոր անոնց, որոնք չարամտօրէն միայն կայսեր տրուած տուրք մը նկատեցին Սփիւռքի նախարարին առաջարկութիւնը։
Այդպիսիները Աստուծոյ վերապահուած ոչ մէկ բաժին տեսան երկպալատ Ազգային Ժողովի ստեղծման առաջարկութեան մէջ։ Նոյնիսկ քննարկման արժանի չգտան զայն եւ, աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային–պետական համարկման մեծ ու բուն խնդիրը օրակարգէ դուրս մղելու չարամտութեամբ, վարկաբեկման թիրախ դարձուցին նոյնինքն Ազգի Պետական Տան լիարժէք կայացման հանգանակը։
Հետեւաբար, Կայսեր եւ… Աստուծոյ բաժինները ըստ արժանւոյն յարգելու ազգային–պետական հասունացման հրամայականը շեշտելու ծառայեց, նաեւ, երկպալատ Ազգային Ժողովի ստեղծման առաջարկը։