ԵՐԵՒԱՆ, »Թերթ«.- Հայաստանի մարզերուն առաջնահերթ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ իրականացուելիք աշխատանքներուն համար, կառավարութեան որոշումով, աւելի քան 10 միլիառ դրամ յատկացուեցաւ պահուստային հիմնադրամէն:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նշեց, որ այս որոշումը ընդունած է Հայաստանի նախագահի յանձնարարութեամբ, նպատակ ունենալով բարելաւել մարզերու բնակչութեան կենսամակարդակը եւ նպաստել մարզերու համաչափ զարգացման:
Ծրագիրներու առաջնահերթութիւնը կ՛որոշուի մարզպետներուն առաջարկին հիման վրայ: Յատկացուած դրամէն ակնկալուող արդիւնքը տեսանելի պիտի ըլլայ այս տարուան ընթացքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.