ԵՐԵՒԱՆ, »Թերթ«.- Հայաստանի կառավարութիւնը երէկուան իր նիստով մերժողական եզրակացութիւն տուաւ Ազգային ժողովի պատգմաւորներ Արա Նռանեանի, Վարդան Բոսթանջեանի, Յակոբ Յակոբեանի եւ Արծուիկ Մինասեանի կողմէ ներկայացուած »ՀՀ մաքսային օրէնսգրքում փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին« օրէնքին նախագիծին:
Պատգամաւորները առաջարկած էին հինգ տոկոսով բարձրացնել շարք մը ապարանքներու ներածման համար սահմանուած մաքսային տուրքին չափը: Այդ ապրանքատեսակներուն մէջ են երշիկեղէնը եւ մսեղէն այլ մթերքներ, անձեռոցիկներ եւ գեղագիտական անձեռոցիկներ. »Հիմնական նպատակը ներքին արտադրողների շահերի պաշտպանութիւնն է, սակայն ներկայացուած նախագիծը կարող է բացասական հետեւանքներ ունենալ. մաքսատուրքի բարձրացումը կը բերի գնաճի«, վարչապետին զեկուցեց ՀՀ ելեւմուտքի նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան:
Ըստ նախարարին, ներկայացուած ապրանքներու ցանկին մէջ ընդգրկուած են այնպիսի ապրանքատեսակներ, որոնց համար Հայաստանի հանրապետութիւնը, Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան ծիրէն ներս, մաքսատուրքի առաւելագոյն չափը տասը տոկոս սահմանելու պարտաւորութիւն ստանձնած է: Սակայն պատգամաւորները առաջարկած են մաքսատուրքը բարձրացնել՝ հասցնելով 15 տոկոսի:
Ելեւմուտքի նախարարը աւելցուց, որ Հայաստանի մէջ արդէն նկատելի է ներածուող ապրանքներու սպառման ծաւալներու նուազում՝ տեղական արտադրութեան սպառման ծաւալներու աճին հաշւոյն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.