ԵՐԵՒԱՆ, »Թերթ«.- Այս տարի Ստեփանակերտի մէջ պիտի բացուի պատկերասրահ մը, ուր պիտի ցուցադրուի շուրջ 300 գեղանկարչական աշխատանք:
Այդ մասին երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին տեղեկացուց նախաձեռնող խումբի հեղինակ, բարերար Գրիգոր Գաբրիէլեանց, որ իր նկարներուն ամբողջ հաւաքածոն՝ 21 գեղանկարչական աշխատանք, պիտի նուիրէ ապագայ պատկերասրահին:
Խօսելով պատկերասրահ բանալու գաղափարին մասին՝ Գաբրիէլեանց ըսաւ, որ ստեղծուած պայմաններուն մէջ, երբ Ատրպէյճան պատերազմական կոչեր կը հնչեցնէ ու պատերազմով կը սպառնայ, իսկ միւս կողմը պատկերասրահներ կը բանայ, պարզ կը դառնայ, որ »խաղաղութիւն ստեղծող մարդիկ, այն մէկ օրուայ համար չեն ստեղծում եւ չեն արարում այսօր յաղթելու համար, այլ պայքարում են միշտ յաղթելու համար: Մշակոյթը, լուսաւորութիւնը, խաղաղութիւնը յաւերժ են«:
Կրթուածութեան կարեւոր տարրերէն գլխաւորը, Գաբրիէլեանցի կարծիքով, գեղանկարչութիւնն է. »Մայրաքաղաքն սկսւում է պատկերասրահներից: Բոլոր երկրներն իրաւունք ունեն ապրել մշակութային նորմալ կեանքով: Մենք կարծում ենք, որ արցախցիները պէտք է ունենան այդ իրաւունքը: Այս փուլում մարդկանց կրթուածութեան աստիճանը բարձրացնելը պակաս կարեւոր չէ երկրի տնտեսութեան զարգացումից«, նշեց Գաբրիէլեանց:
Վերջինիս նախաձեռնութեամբ, Արցախի մէջ պատկերասրահի բացման առիթով շարք մը անուանի նկարիչներ՝ Տ. Ժիլինսքի, Սաֆոխին, Ալ. Մակելեւսքի, Տ. Լաւինսքի, Շեւչենքօ, Բ. Քուզնեցով, Յ. Գրիգորեան եւ Նիկողոսեան, նուիրաբերած են իրենց աշխատանքները: Յայտնի հաւաքորդ Պագիրեանը իր անձնական հաւաքածոյէն նուիրած է 18 նկար: Նկարներուն մէջ կայ Սարեանի երեք գործեր (երկուքին պատկանելիութիւնը տակաւին չէ փաստուած), իսկ Մինասէն՝ մէկ կտաւ:
Միւս կողմէ, Փետրուար 4ին, ժամը 3ին, Հայաստանի նկարիչներու միութեան մեծ դահլիճին մէջ պիտի բացուի ցուցահանդէս մը, ուր պիտի ներկայացուին հայ նկարիչներու այն գեղանկարչական աշխատանքները, որոնք պիտի նուիրուին Արցախի պատկերասրահին:
Նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան տեղեկացուց, որ նկարիչներու միութիւնը իր պահոցներէն Արցախի պատկերասրահին պիտի նուիրէ շուրջ 100 աշխատանք, իսկ մշակոյթի նախարարութիւնը՝ հինգ կտաւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.