ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, »Արմէնփրէս«.- Փետրուար 11ին, եռօրեայ այցով Արցախ պիտի ժամանէ գանատահայ յայտնի լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեան: Ըստ ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Գայիանէ Գրիգորեանի, յայտնի լուսանկարիչը անցեալ տարի նոյնպէս այցելած էր Արցախ՝ անհատական ցուցահանդէսով մը: Այս անգամուան այցելութեան ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ Հրայր Բազէի »Արարատ-11« վաւերագրական ժապաւէնին շնորհահանդէսը:
»Նշուած ժամանակի ընթացքում նախատեսւում են այցելութիւններ Դադիվանք եւ Գանձասար, որտեղ տեղի կ՛ունենան բացօթեայ լուսանկարահանումներ: Ցանկացողներն իրենց լուսանկարչական սարքերով կարող են միանալ, քանի որ հէնց այնտեղ Հրայր Բազէն կ՛անցկացնի իւրովի սեմինար«, նշած է Գ. Գրիգորեան:
Նշենք, որ ձեռնարկի նախաձեռնողն ու կազմակերպողը ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.