
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով Ամերիկայի թրքական համախմբումին կողմէ Մինեսոթայի համալսարանին դէմ բացուած դատին գծով Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութիւնը Փետրուար 1ին համալսարանին ի նպաստ նամակ մը ներկայացուցած է դատարանին՝ յիշեցնելով, թէ միութիւնը 1997ին միաձայնութեամբ հաստատած էր Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Յիշեցնենք, որ թրքական կողմը համալսարանէն կը պահանջէ իր ցեղասպանագիտութեան բաժանմունքի համացանցային կայքէն վերցնել Ամերիկայի թրքական համախմբումի կայքին մասին այն հաստատումները, թէ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին թրքական կայքին վրայ տեղադրուած տեղեկութիւնները «վստահելի չեն», որովհետեւ աշխարհի ցեղասպանագէտներուն մեծամասնութիւնը կը հաստատէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական իրականութիւն մըն է:
Հակադարձելով այս նամակին՝ Ամերիկայի թրքական համախմբումը Փետրուար 2ին դիմած է դատարան, որպէսզի նկատի չ՛առնէ Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան դիրքորոշումը:
Իր կարգին, Հայագիտութեան ընկերակցութիւնը, Մինեսոթայի համալսարանի ցեղասպանագիտութեան բաժանմունքին որդեգրած դիրքը կարեւոր քայլ մը նկատած է Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ պայքարին մէջ:
Դիմումներ կատարուած են նաեւ Ամերիկայի թրքական համախմբումին կողմէ Մինեսոթայի համալսարանին դէմ բացուած դատը կասեցնելու: Ատեանը Յունուար 10ին մերժած էր սոյն դատը կասեցնելու դիմումը, սակայն Միջին Արեւելքի ուսմանց խմբակին կողմէ նոյնիմաստ այլ դիմում մը պիտի քննէ Ուրբաթ, Փետրուար 5ին:
Միջին Արեւելքի ուսմանց խմբակը իր դիմումին մէջ շեշտած էր, թէ նման միջոցառումներու դիմելու փոխարէն, թրքական կազմակերպութիւնը կրնայ իր դիրքորոշումը պաշտպանել գիտաժողովներու կամ ակադեմական այլ քննարկումներու միջոցաւ, աւելցնելով, որ հարցը դատարան ներկայացնելով՝ կազմակերպութիւնը կ՛ոտնակոխէ ակադեմական տարրական ազատութիւնները: