
ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Կարսի քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց քանդել Հայաստանի սահմանին մօտ կառուցուող «Բարեկամութեան» կամ «Մարդկութեան» յուշարձանը, որուն կառուցումը վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ դատապարտուած էր:
Յուշարձանի հեղինակ Մեհմետ Աքսոյ Հինգշաբթի, Փետրուար 3ին յայտնած է, թէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին պիտի դիմէ՝ կասեցնելու համար յուշարձանը քանդելու որոշումին գործադրութիւնը:
Կարսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն 11ը, որոնք իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ են, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն 8 անդամներ, յուշարձանը քանդելու որոշումին ի նպաստ քուէարկած էին: Իշխող կուսակցութեան գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն չորս անդամներ, սակայն, յուշարձանը քանդելու որոշումին ընդդիմացած էին: