ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտանպաստ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան պետ Սելահատտին Տեմիրթաշ հետաքրքրական մեկնաբանութիւն մը կատարեց Եգիպտոսի կացութեան մասին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի տուած խրատներուն:
Էրտողան Երեքշաբթի օր կոչ ըրած էր Եգիպտոսի նախագահին, որ ընթացք տայ իր ժողովուրդին ուզածներուն։
Տեմիրթաշ ըսաւ, որ Էրտողան նոյնը պէտք է ուզէ նաեւ Թուրքիոյ քիւրտերուն համար։ «Ինչո՞ւ քիւրտերուն համար նոյնը չի ցանկար», հարց տուաւ ան։
«Մենք ի՛նչ կը ցանկանք մեր ժողովուրդին համար, նոյնը կը ցանկանք եղբայր ժողովուրդներու համար», ըսած էր վարչապետը: «Բայց քիւրտերն ալ եղբայր ժողովուրդ չե՞ն. ինչո՞ւ քիւրտերուն համար ալ նոյնը չի ցանկար վարչապետը», հարց տուաւ Տեմիրթաշ, որ նաեւ խոստացաւ «յոտնկայս ծափահարել», եթէ վարչապետը Եգիպտոսի մասին ըսածը Թուրքիոյ համար ալ ըսէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.