
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Երիտասարդներու եւ սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգիս զօրավարի յիշատակութեան օրը այս տարի պիտի նշուի Փետրուար 19ին: Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. հայրապետին տնօրինութեամբ, Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը հռչակուած է Երիտասարդներու օրհնութեան օր: Ս. Սարգիսի տօնին կը նախորդէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէն հաստատուած Առաջաւորաց պահքը, որ կը տեւէ հինգ օր՝ Փետրուար 14-18:
Ըստ «qahana.am» կայքին, սոյն տօնին առիթով, շարք մը եկեղեցիներու մէջ հանդիսութիւններ պիտի կազմակերպուին։
Փետրուար 19ին, Ս. Սարգիս անունը կրող եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցուի Ս. պատարագ եւ երիտասարդներու օրհնութեան կարգ։ Նոյն օրը, նկարիչներու միութեան տան եւ Ժողովրդական արուեստի թանգարանին մէջ պիտի բացուի ցուցահանդէս մը, իսկ երեկոյեան՝ Արարատեան հայրապետական թեմը եւ «Պօղոսեան» այգիները՝ հովանաւորութեամբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ պիտի կազմակերպեն աննախադէպ տօնախմբութիւն մը «Սիրահարների զբօսայգի»ին մէջ։
Արարատեան հայրապետական թեմը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի նոյնպէս յայտարարած է մրցոյթներ: Նոյն թեմը եւ Աշխարհի հայ նկարիչներու միաւորումը երիտասարդ ստեղծագործողները (մինչեւ 35 տարեկան) կը հրաւիրեն մասնակցելու ցուցահանդէսներու:
Ցուցահանդէսներուն թեմաներն են՝ սէր Աստուծոյ հանդէպ, սէր հայրենիքին հանդէպ, սէր մերձաւորի հանդէպ, սէր ծնողներու հանդէպ, փոխադարձ սէր…:
Նշենք, որ Ս. Սարգիսի տօնին նախորդող գիշերը, երիտասարդները աղի բլիթ (աղով հաց) կ՛ուտեն, եւ անոր հետ կը կապեն իրենց փեսացուին կամ հարսնացուին երազայայտնութիւնը: Այդ օրուան յիշատակելի սովորութիւններէն է փոխինդով մատուցարանը դնել տան տանիքը կամ պատշգամը, եւ սպասել Ս. Սարգիս զօրավարի ձիու պայտի հետքին: Ըստ աւանդոյթի, Ս. Սարգիս պէտք է հրեշտակներու ուղեկցութեամբ անցնի, եւ եթէ մատուցարանի մէջ դրուած ալիւրին կամ փոխինդին մէջ իր սպիտակ ձիու պայտին հետքը ձգէ, այդ տարի պիտի իրականանայ հաւատացեալին երազանքը: Տօնին առթիւ սիրահարուած երիտասարդները միմեանց բացիկներ եւ քաղցրաւենիք կը նուիրեն: