
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Չելիապինսկ երկրամասի նահանգապետ Միխայիլ Եուրեւիչ հրաման ստորագրած է հայազգի Ալեքսէյ Յովակիմեանը իր տեղակալի պաշտօնին նշանակելու մասին: Այս մասին կը յայտնէ ռուսահայ «Երկրամաս» թերթը:
Յովակիմեան նշանակուած է Չելիապինսկի նահանգապետի՝ իրաւական, ներդրումներով եւ գոյքային հարցերով տեղակալ:
Կը հաղորդուի, որ վերջին վեց տարիներուն, Յովակիմեան եղած է ամբողջ Ռուսիոյ տարածքին յայտնի «Avouar» ընկերութեան զարգացման գծով գործադիր տնօրէն եւ հիմնադիր:
Յովակիմեան նաեւ տնտեսագիտական գիտութիւններու թեկնածու է, Ռուսիոյ դիտորդական պալատի Ուրալի մասնաճիւղի խորհուրդի անդամ, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ նախագահի՝ Ուրալի դաշնային մարզի լիազօր ներկայացուցիչի աշխատակազմի խորհրդական: