ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական լրատուամիջոցները, վկայակոչելով Ուաշինկթընի դիւանագիտական աղբիւր մը՝ հաղորդած են, որ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Մեթիու Պրազա, Փետրուարի սկիզբը Պաքու պիտի հասնի։ Յայտնենք, որ Քոնկրեսի արձակուրդին ընթացքին նշանակուած Պրայզա կրնայ պաշտօնազուրկ ըլլալ, եթէ Ծերակոյտը մինչեւ այս տարուան Դեկտեմբերը չվաւերացնէ անոր նշանակումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.