ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վերջին տարիներուն, Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի ընտրութիւնները հայ համայնքին համար եղած են ներքին հակասութիւններ, անբաւարար կազմակերպուածութիւն դրսեւորող տխուր առիթներ:
Այս քաղաքի անցեալի ընտրութիւններուն, որոշ ուժեր, ամէն գնով հայկական քուէն ցրուելու, անոր արդիւնաւէտ ու նպատակասլաց օգտագործումը խոչընդոտելու համար յաջող գործողութիւններ կը կազմակերպէին ու դրամի ուժով ամբողջ հաւաքականութիւն մը պարտուած ու քաղաքականապէս բարոյալքուած վիճակի կը դատապարտէին:
Այս վիճակին պատասխանատուութիւնը չենք կրնար իրենց անհատական շահերէն մեկնած անհատ մարդոց ուսերուն բեռցնել: Շահադիտական մօտեցումով շարժող մարդիկ միշտ եղած են մեր հաւաքականութեան մէջ, ու միշտ ալ պիտի ըլլան: Սակայն, համայնքին մէջ գործող կազմակերպուած ուժերը, պարտին որակական այնպիսի բարեփոխումներ ընդգրկել իրենց գործելակերպին ու իրենց քարոզչութեան մէջ, նախընտրական ու ընտրութեան ամբողջ գործընթացին ցուցաբերել այնպիսի ծաւալուն աշխատանք ու մօտեցում, որ պիտի համոզէ ինքնակոչ թեկնածուները եւ անոնց ետին թաքնուած հովանաւորները թէ՝ իրենք ոչ մէկ ձեւով պիտի կրնան ազդել ընտրութեան արդիւնքներուն եւ թէ համայնքի կազմակերպուած ուժերուն կողմէ առաջադրուած կամ անոնց աջակցութիւնը վայելող թեկնածուները անկասկած պիտի յաղթեն Ապրիլ 5ի ընտրութիւններուն:
Ամէնէն կարեւորը, անշուշտ, ընտրողներու, քուէարկողներու հետ բացատրական լայն աշխատանք տանիլն ու զանոնք համոզելն է, որ ճիշդ կողմնորոշուին, չխաբուին: Պէտք է հայ քուէարկողը անդրադառնայ, որ իր անհատական եւ համայնքային շահերը լաւագոյնս կը պաշտպանէ միայն այն թեկնածուն, որուն նեցուկ կանգնելու որոշումը հիմնուած է հաւաքական լուրջ քննարկումներու ու բազմակողմանի հաշուարկներու վրայ:
Այս մասին կրկին կ՛անդրադառնանք: