Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Պարզ սովորութիւնները կրնան անկասկած երջանիկ պահել ձեզ:
Երբեմն երջանկութիւնը երկինքէն մեր գիրկը կ՛իյնայ՝ առանց յաւելեալ ջանք թափելու։
Շատ հազուադէպ է սակայն այս հաճելի երեւոյթը։ Գործնական օրինակ՝ աշխատանքային անակնկալ կէս օր մը, շատ հին բարեկամէ մը ստացուած ելեկտրոնային նամակ մը, շնչասպառ ընող մայրամուտի պատկեր մը, եւայլն։ Ամէն պարագայի, կ՛արժէ ունենալ քանի մը լաւ սովորութիւններ, որոնք կարողութիւնը ունին մեր տրամադրութիւնը բարձրացնելու, կամ մեր ներքին հանգիստն ու անդորրը գտնել տալու, առանց այս անակնկալ յատնաբերումներուն գոյութեան։
Ուրեմն, ձեր անձերուն համար գտէք հանգիստ վայր մը, արձանագրեցէք այն սովորութիւնները, որոնք կրնան հանգստացնել ձեր անձերը։ Մի՛ մտահոգուիք, անոնք ինչքան ալ տարօրինակ եւ անձնասէր թուին. անոնք ձեր բարելաւումին պիտի ծառայեն, հետեւաբար լաւ են։ Հետեւեալ խորհուրդները կու գան փորձառու եւ յաջողակ կիներու կեանքերէն. հետեւեցէք անոնց ըստ ձեր հնարաւորութեան.
1- Օրական տեսարան մը նկարեցէք։ Օրական մէկ պատկեր գոնէ կրնաք գտնել, եթէ ուշադիր հետեւիք, որ կ՛ուզէք պահել առյաւէտ կամ անմահացնել զայն։ Բնութեան գեղեցիկ տեսարաններ, ծաղիկներ, երբեմն մտերիմ ընկերներ, հարազատներ, կամ մինչեւ իսկ կարճ ժամանակի մը համար մեր հետ մտերմացած անձնաւորութիւններ։ Այս մէկը պիտի նպաստէ ոչ միայն այդ րոպէին հանգստանալու, այլ անկէ ետք ալ ուրախ զգալու։ Մանաւանդ երբ նեղացած էք եւ անհանգիստ ու խախտուած իրավիճակի մէջ կը գտնուիք, կը տեսնէք թէ, ունիք շատ գեղեցիկ ու հարուստ բաներ, որոնց համար ուրախ ու հպարտ պէտք է զգաք։ Կամ, պահեր կու գան ու կը կարծէք, թէ հարազատ կամ մտերիմ անձեր չունիք, այդ նկարները կրնան սփոփանք պատճառել։
2- Լալու պահեր։ Շատ հանգիստ զգացէք երբեմն տխուր շարժապատկեր մը դիտելու ժամանակ քանի մը թաշկինակ թրջելու։ Յաճախ կը մտածենք, թէ այդ մէկը մեզի չի պատկանիր, սակայն այլոց փորձառութեան պատճառած տխրութիւնները կրնանք հասկնալ։
3- Նիւ Եորքի նշանաւոր եւ յաջողակ թղթակից կին մը կը վկայէ, թէ տարիներով ջանացած է շաբաթավերջերուն առաւօտեան բաւական կանուխ արթննալ, որպէսզի արդիւնաւէտ աշխատանք մը կատարէ։ Ան փափաքած է մարզասրահ այցելել կամ նոյնիսկ առտնին իր պարտականութիւններէն մաս մը կատարել աւելի ուրախ զգալու համար։ Հիմա այլեւս ինքզինք համոզած է, որ նաեւ ինք արժանի է այդ երկար հանգիստ քունի ժամերուն, որովհետեւ հոգնեցուցիչ շաբթուան մը աւարտին հանգիստ քունը առողջութեան եւ բարձր տրամադրութեան պիտի նպաստեն։ Մանաւանդ շաբաթավերջի երեկոյեան խնճոյքները շատ թարմացնող եւ ընկերային հաճելի մթնոլորտ պարգեւող են, որոնց կը յաջորդէ առաւօտեան երկար քունի ժամերը։
4- Բաւարար ժամանակ տրամադրեցէք նամակագրութեան կամ նկարներու եւ յիշատակներու դասաւորումին։ Անոնք կարեւոր սփոփանքի եւ անցեալի փորձառութիւններու հետ հաղորդուելու առիթ կը բանան մեր առջեւ։
5- Թագուհիի նման կերէք։ Յատուկ աման մը վերապահեցէք ձեր տան մէջ տարբեր եւ ցայտուն գոյն ունեցող։ Ամէն անգամ որ յաջողութիւն մը ձեռք կը ձգէք, մտածեցէք ատոր մասի ընթրիքի ընթացքին ու շոյուած զգացէք այդպիսով, որ կարողացած էք ձեզի վստահուած գործը իրականացնել։
6- Հնարամտութեան մը արդիւնքը վայելեցէք։ Յատուկ տետրակ մը ունեցէք ձեզի հետ եւ ամէն անգամ որ հաճելի պահ մը կը նկատէք կամ կ՛ապրիք արձանագրեցէք կամ անոր հիման վրայ ստացած տպաւորութիւնները նկարեցէք ձեր կարողութեան համաձայն։ Յետագային, երբ կը դառնաք այդ տետրակին շատ ուրախ պիտի զգաք եւ այդ յատուկ յիշատակելի պահը նորէն պիտի ապրիք վայելելով անոր պատճառած ուրախութիւնը։
7- Նիւ Եորքէն այլ թղթակից մը կը վկայէ հետեւեալը. «Ամէն անգամ երբ ես ու ամուսինս տուն կը դառնանք անպայման գիրկընդխառնումի եւ յատուկ համբոյրի պահ կ՛ունենաք։ Անիկա ձեւով մը օրուան թոհն ու բոհը մոռցնել կու տայ մեզի եւ իսկապէս երկուքս ալ կը զգանք թէ ինչքան կարեւոր է իւրաքանչիւրիս ներկայութիւնը եւ գոյութիւնը միւսին համար»։
8- Ձեր արձակուրդին պարգեւած հաճելի մթնոլորտն ու ապրումները ձեզի հետ տուն բերէք։ Արձակուրդէն ետք գործի եւ իսկական կեանքին դառնալը քիչ մը աւելի դժուար կ՛ըլլայ։ Հետեւաբար երբ կ՛ուզէք բնականոն կեանքին անցնիլ մէկ անգամ եւս տուն դառնալէն ետք ընտրեցէք մօտակայ ճաշարան մը եւ կրկին միասին հաճելի ու մտերիմ պահեր անցուցէք դիւրութեամբ ընդունիլ կարենալու համար նամակներու եւ վճառումներու ահագին կոյտն ու պարապ մնացած ձեր սառնարանը։
9- Ընկերներու հետ հաճելի ժամեր անցուցէք եւ անպայման իրենց հասկցուցէք, թէ ինչո՞ւ իրենք կարեւոր են ձեզի համար եւ դուք ինչո՞ւ զիրենք կը սիրէք։ Մտերիմ ընկերուհի մը ունիմ, որ ամէն տարի գեղեցիկ սովորութիւնը ունի իր մտերիմները ճաշի հրաւիրելու եւ անոնց հետ հաճելի եւ ուրախ ժամեր անցնելու։ Բոլորս ալ կը գնահատենք իր արարքը եւ իսկապէս շատ շոյուած ու ուրախ կը զգանք այդ օրը։
10- Ծովեզերեայ քաղաքի մը մէջ բնակելու առաւելութիւններէն մէկը կը համարուի գործէն ետք ծովափին քալելու պարգեւը։ «Ամբողջ օրուան աշխատանքային պրկումներս կը մոռնամ ծովափին վրայ քալած պահուս», կը վկայէ 50ամեայ Մեսեչուսէթցի մէջ բնակող բուժքոյր մը։ «Երբեմն նոյնիսկ կը լողամ եւ ալիքներուն հետ կը խաղամ եթէ եղանակը յարմար է»։
11- Երբ նեղացած կամ անհանգիստ կը զգայ յարաբերութեանց աշխատանքային գրասենեակի մը 29ամեայ տնօրէնուհին, կը հաստատէ թէ ինքնաշարժին մէջ բարձր երաժշտութիւն լսելով եւ հետը միասին լիաթոք երգելով կը մոռնայ իր ունեցած բոլոր դժուարութիւնները։
12- Ուրիշ կին մը կը բաժնէ հետեւեալ փորձառութիւնը.- Երբ նուէրներու կամ յիշատակելի առարկաներու խանութ կը մտնէ 10-15 բացիկ միաժամանակ կը գնէ ու բոլորին վրայ դրոշմաթուղթեր կը զետեղէ։ Ապա ժամանակի ընթացքին երբ քանի մը րոպէ առիթ կ՛ունենայ սիրելի ընկերոջ մը կամ հարազատի մը համար քանի մը տող կը գրէ ու կը յանձնէ նամակատուփին։ Ենթական որ պատրաստեց այդ բացիկը ուրախ զգաց իր կատարածով, իսկ ստացողը շոյուած զգաց այդ րոպէին։
13- Նշանաւոր անձերու պէս զգացէք երբեմն։ Կրնաք շատ շքեղ պանդոկ մը կամ վայր մը երթալ առանձին եւ գիրք մը ունենալ ձեզի հետ։ Գաւաթ մը ապսպրել ձեր նախասիրած խմիչքներէն եւ վայելել խաղաղ ու անդորր րոպէները փայփայուած ըլլալու զգացումով։
Արդեօ՞ք այս նշուածները բաւարար պիտի ըլլան աւելի լաւ զգալու եւ ապրելու համար։ Մտածեցէք եւ վստահ եմ որ անպայման պիտի զգաք, թէ այս միջոցները երբեմն աւելի ուրախ պիտի զգացնեն մեր անձերը։