
Ծնած է Եգիպտոս, 1924ին: Երկու տարեկանին ծնողքին հետ կը փոխադրուի Պաղեստին, հօրը առողջական դարմանումին պատճառով: Կը յաճախէ Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը, ապա՝ Հայֆայի «Սալիզեան» երկրորդական վարժարանը: Երբ տասներեք տարեկան էր, հայրը կը մահանայ, եւ իբրեւ մօրը մէկհատիկ զաւակը, ան կը նետուի գործի ասպարէզ: Ան եղած է ՀՄԸՄի մարզիկ եւ սկաուտ խմբապետ՝ ստանալով Wood Badge անգլիական կարգը:
Գրիգոր Պետիկեան երիտասարդ տարիքին մեծ յաջողութիւն կը գտնէ գործի ասպարէզէն ներս: Ան տասնինը տարեկանին կը դառնայ Foreman Mechanic, անգլիական բանակին մէջ, ապա՝ թարգմանիչ, եօթը լեզուներ տիրապետելուն պատճառով: Այնուհետեւ կը գործէ Սէուտական Արաբիոյ «Aramco» ընկերութեան մէջ:
Ան 1948ին կը ստիպուի հեռանալ իր շատ սիրած Հայֆա քաղաքէն եւ կը հաստատուի Զահլէ, Լիբանան: Հոն կը ծանօթանայ Անայիս Ոսկերիչեանին. անոնք ամուսնանալով՝ կը կազմեն ջերմ ու տոհմիկ հայ ընտանիք մը: Կը բախտաւորուին երկու մանչ զաւակներով՝ Յակոբ եւ Ասպետ:
Գրիգոր Պետիկեան տասնինը տարի կը ստանձնէ Պէյրութի մէջ Եւրոպական ելեկտրական մեքենաներու հաստատութեան մը մէկ բաժանմունքը, ապա կը վարէ Ամերիկեան հիւպատոսարանի հրատարակչական բաժնի stock director-ի պաշտօնը՝ բարեկեցիկ կեանք մը տրամադրելով իր կնոջ եւ զաւակներուն, եւ օժանդակելով իր եւ կնոջ բոլոր հարազատներուն:
Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով, 1976ին իր ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Լոս Անճելըս:
Կեանքը վերադասաւորելէ եւ զաւակներուն ուսումը ապահովելէ ետք, 1988ին կը կորսնցնէ իր կինը, անողոք հիւանդութեան պատճառով:
Կնոջ վաղաժամ մահը խոր վիշտ կը ձգէ իր սրտին, ու կը ստիպուի ստանձնել հօր ու երբեմն ալ մօր պարտականութիւնը զաւակներուն հանդէպ:
2000 թուականին անոր առողջութիւնը կը վատթարանայ եւ հիւանդանոց փոխադրուելով՝ հոն կը մնայ մինչեւ վեց ամիս, ենթարկուելով բազմաթիւ քննութիւններու:
Անցած տասը տարիներուն ընթացքին, ան ստիպուած կ՛ըլլայ ապրիլ Nursing Home-ի մը մէջ, միշտ իր միտքն ու մարմինը աշխոյժ պահելով:
Գրիգոր Պետիկեան նախ եւ առաջ իսկական ՄԱՐԴ էր: Ան հայ եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած իր յարգանքն ու իր քրիստոնեավայել կեանքը կը պահէ մինչեւ իր մահուան սնարը՝ ամուր պահելով իր սկզբունքներն ու արժանիքները:
Ան փոքր տարիքէն կրելով կեանքի թախիծը ու ինքնուրոյն նկարագիր մը կերտելով՝ իր իմաստութիւնը եւ հարուստ կեանքի փորձառութիւնը կը բաժնեկցի իր բոլոր այցելուներուն հետ:
Դեկտեմբեր 8, 2010ին Գրիգոր Պետիկեան կը կնքէ իր մահկանացուն, Verdugo Hills հիւանդանոցին մէջ:
Յիշատակն Արդարոյն Օրհնութեամբ Եղիցի: