
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ դաշնութեան վարչապետ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ ռուսական կազէն կախուածութիւնը նուազեցնելու հարցով Արեւմտեան երկիրներուն յոյսը համարուող «Նապուքօ» խողովակաշարի նախագիծը, «Կապոյտ հոսք» նախագիծին հետ համեմատած, յաջողութեան հնարաւորութիւն չունի: Փութինի նշեալ յայտարարութիւնը հրապարակած է «Թեհրան Թայմ» թերթը:
Նշելով, որ «Նապուքօ»ի հիմնական խնդիրը խողովակաշարը լեցնելու համար աղբիւրներու բացակայութիւնն է՝ Փութին յայտարարած է, որ Ռուսիա այդ կազատարով կազ պիտի չվաճառէ Արեւմուտքին: «Իրանի հանքահորերուն մէջ տակաւին հետազօտութիւններ չեն իրականացած, Ատրպէյճանի բնական կազի ծաւալն ալ քիչ է: Բացի ատկէ, Ռուսիա պայմանագիր ստորագրած է Ատրպէյճանէն կազ փոխադրելու մասին», ըսած է Փութին, որ նաեւ աւելցուցած է, թէ «Նապուքօ» նախագիծը կրնայ իրականանալ շատ մեծ ներդրումներու հաշիւին:
Նախնական հաշուարկներով, շուրջ 7.9 միլիառ եուրօ արժող 3300 քլմ. երկարութեամբ «Նապուքօ» նախագիծով կը ծրագրուի Ատրպէյճանէն եւ Միջին Ասիոյ երկիրներէն՝ Թուրքիոյ վրայով տարեկան 31 միլիառ խորանարդ մեթր կազ փոխադրել Եւրոպա: Նախագիծի գործընկեր աւստրիական «MOL», Պուլկարական «Bulgargaz», ռումանական «Transgaz», թրքական «Botash» եւ գերմանական «RWE» ընկերութիւններէն իւրաքանչիւրը 16.67 տոկոս ունեցող բաժնետէր կը հանդիսանայ: Կը ծրագրուի նախագիծի շինարարութեան սկսիլ այս տարի: