
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու թեմի Ազգային առաջնորդարանէն ստացած ենք հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՛ըսուի.
«Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Հինգշաբթի, 6 Յունուար, 2011ին, Արեւմտեան մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ եւ Աստուածորդւոյն Մկրտութիւնը խորհրդանշող Ջրօրհնէքի արարողութիւնը։
Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. պատարագ մատուցեց, քարոզեց եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էին Հայաստանի հանրապետութեան փոխհիւպատոս տիար Մեսրոպ Շապոյեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու կեդր. կոմիտէի եւ թեմիս պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը։
Նոյն օրը, երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր Ս. Ծննդեան ընթրիքը, ներկայութեամբ հայրենի պետութեան, կուսակցական եւ միութենական ներկայացուցիչներու ու Ազգ. առաջնորդարանի մեծ ընտանիքի անդամներու, բարերարներու եւ բարեկամներու։ Ձեռնարկը արձանագրեց բարոյական եւ նիւթական մեծ յաջողութիւն (մանրամասնութիւնները՝ հետագային)։
Նախօրեակին՝ 5 Յունուարի երեկոյեան, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Ճրագալոյցի հոգեպարար արարողութիւնը, իսկ 7 Յունուարին, առաջնորդ սրբազանն ու հոգեւորականաց դասու անդամներ, մեռելոց յիշատակին Կլենտէյլի եւ Հոլիվուտ Հիլզի գերեզմանատուներուն մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւններէ ետք, այցելեցին «Արարատ տուն», ուր պատսպարեալներու ներկայութեան Ս. պատարագ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով։