ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «ԱԼՄ» պատ-կերասփիւռի ընկերութեան եւ Ժողովրդական կուսակցութեան տնօրէն Տիգրան Կարապետեանի նախաձեռնութեամբ, Մատենադարանի շրջափակը, Յունուար 7ին, հարիւրաւոր մարդիկ՝ «Մենք դէմ ենք անարդարութեանը» վանկարկութեամբ՝ հանրահաւաք մը կազմակերպած են։
«Հրաւիրել եմ ձեզ մի պարզ պատճառով, որպէսզի բոլորս միասին բարձրաձայն ասենք. «Մենք դէմ ենք անարդարութեանը»: Խնդիրը միայն «ԱԼՄ» հեռուստաընկերութիւնը չէ, այլ այն վերաբերմունքն է, որը ձեւաւորուել է մեր հանդէպ՝ մեր իսկ տան մէջ: Այժմ մենք ոչ թէ ընդդիմութեան, այլ ժողովրդի անունից ենք ասում՝ «Ո՛չ անարդարութեանը»: Ճիշդ է, ես եմ ձեւաւորել «ԱԼՄ» հեռուստաընկերութիւնը, բայց այն ժողովրդինն է, եւ իւրաքանչիւր ոտնձգութիւն ուղղուած է դէպի ժողովուրդը», ըսած է Տիգրան Կարապետեան՝ աւելցնելով, որ «ԱԼՄ»ն «պիւայի պուտքա չէ» (գարեջուրի կրպակ), այլ ազգային արժէք է:
Ժողովրդական կուսակցութեան նախագահը յայտնած է իր ապագայի ցանկութիւններուն մասին՝ նշելով, որ պիտի ստեղծէ «Երեւանցիների հայրենակցական միութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը՝ համագործակցութիւն ակնկալելով վերջերս քննարկման թեմա դարձած Երեւանցիների միութիւն կուսակցութեան նախաձեռնող խումբին կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.