ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Լեզուի մասին այս զեկուցումը մասնագէտի մը, այսինքն՝ լեզուաբանի մը կողմէ պատրաստուած չէ։ Այս հանգամանքը, կը կարծեմ, թերութիւն մը ըլլալէ աւելի՝ առաւելութիւն մըն է, քանի մեր ներկայ պայմաններուն մէջ մասնագէտը անպայման կողմ է հայոց լեզուի այս կամ այն հարցի դիրքորոշման մէջ։ Զարմանալիօրէն, մասնագէտը աւելի զգացական տեսանկիւնէ կը մօտենայ հարցերուն, մինչդեռ բնական է ակնկալել ճիշդ հակառակը։ Սակայն այս՝ եւ առհասարակ ազգի միութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող հարցերու քննութեան մէջ պարտադիր պէտք է ըլլան մանաւանդ առարկայականութիւնը, որպէսզի եզրակացութիւնները ըլլան ճիշդ եւ անոնցմէ բխող որոշումները ըլլան գործադրելի եւ օգտակար։ Իսկ մեր ժամանակներուն լեզուական հարցի մասին առարկայական քննութեան պարագային կրնաս ունեցած սակաւաթիւ բարեկամներդ կորսնցնել. բանականութիւնդ ալ գործածելու եթէ ըլլաս, նոր բարեկամներ շահելու առիթն ալ կորսնցուցած կ՛ըլլաս:
Ի՞նչ է լեզուն։ Լեզուն, անշուշտ, գեղարուեստի ենթակայ է. բանաստեղծութիւն, գրականութիւն ընդհանրապէս, թատրոն, ճառախօսութիւն։ Հիմնականին մէջ սակայն լեզուն հաղորդակցութեան միջոց է. կարծիք, գաղափար, մտածում, փափաք, սէր, ատելութիւն արտայայտելու՝ ուրիշին հասկնալի դառնալու գործիք է։ Հաղորդակցութեան մէջ գոյութիւն ունին առնուազն երկու մասնակիցներ. հաղորդիչը եւ ընդունիչը, տուողը եւ ընկալողը, գրողը եւ ընթերցողը, խօսողը եւ մտիկ ընողը։ Հետեւաբար լեզուն, իր բանաւոր եւ գրաւոր արտայայտութեան մէջ, անխուսափելիօրէն ձայնային ու գրաւոր պայմանական խորհրդանիշներու ամբողջութիւն է. խորհրդանիշներ՝ որոնք նոյն նշանակութիւնը պէտք է ունենան բոլորին համար, որպէսզի կարելի ըլլայ խուսափիլ Բաբելոնէն: Բնական է, մարդուն զարգացման հետ կը զարգանայ նաեւ լեզուն՝ կարենալ արտայայտելու համար առարկայական, հոգեկան, իմացական բոլոր նոր վիճակները, ապրումները եւ առհասարակ մտածումները։ Նաեւ՝ հասարակաց պատմութեան, կրօնքի, աւանդութիւններու, բարքերու եւ սովորութիւններու, հաստատութիւններու, պատկանելիութեան ենթակայական զգացումի կողքին՝ լեզուն ազգը յատկանշող հիմնական տարրերէն է։
Իր զարգացման ընթացքին լեզուն յարաբերութեան մէջ մտնելով ուրիշ լեզուներու հետ կը կրէ անոնց ազդեցութիւնը եւ իր կարգին կ՛ազդէ անոնց վրայ։ Այսպէս, հայերէնը հնդեւրոպական լեզուներու ընդհանուր ընտանիքին պատկանելով հանդերձ, մինչեւ ասկէ 1600 տարիներ առաջ, հայ գիրերու գիւտը, ըստ Հրաչեայ Աճառեանի, կրած է թրակերէնի, փռիւգերէնի, փոքրասիական այլ լեզուներու, խալդերէնի, միտաներէնի, ասորերէնի, իրանական լեզուներու, յունարէնի, լատիներէնի եւ եբրայերէնի ազդեցութիւնները։
Հինգերորդ դարու Մեսրոպեան հայերէնը գործածուած է մինչեւ 16րդ դարու կէսերը։ «Լեզուները, կ՛ըսէ Հ. Աճառեան, ենթակայ են մշտական փոփոխութեան. այս շրջանի հայերէն լեզուն էլ ապագային պիտի կրէր այլեւայլ փոփոխութիւններ։ Լեզուական յայտնի տարբերութիւններ տեսնում ենք այն հայերէնի միջեւ, որ Մեսրոպի, Սահակի եւ նրանց անմիջական աշակերտների մահից յետոյ գրի առնուեց»։ Մեսրոպեան շրջանի հայերէնը խօսակցական լեզու էր. ժողովուրդին խօսած ու երգած լեզուն էր։
Յետոյ եկաւ յունաբան հայերէնը, ուր գրողները սկսան հայերէնը արուեստականօրէն զարգացնել՝ յունարէնի օրինակով։ Յունարէնի հետեւումով յօրինուեցան նոր բառեր, այդ լեզուի օրինակով հարազատօրէն կազմուեցաւ քերականութիւնը։ Ատկէ անմիջապէս ետք հայերէնը կրեց արաբերէնի ազդեցութիւնը, վրացերէնի ազդեցութիւնը։ Դասական լեզուն (կամ հին հայերէնը) կամաց-կամաց փոխուեցաւ եւ վերածուեցաւ միջին հայերէնի, սակայն Եկեղեցին շարունակեց հաւատարիմ մնալ գրաբարին։ Ժողովուրդը լեզուի բնական զարգացումով եւ այլեւայլ օտար ազդեցութիւններու տակ կը գործածէր լեզու մը, որ ժամանակի ընթացքին հետզհետէ աւելի ու աւելի կը հեռանար գրական լեզուէն. գրական հայերէնի եւ գործածական հայերէնի միջեւ վիհը կը խորանար, մանաւանդ երբ հայերէնի վրայ սկսաւ գործել թրքերէնի ազդեցութիւնը։ Գրական լեզուն ստացաւ գրաբար անունը, իսկ ժողովրդական լեզուն կը կոչուէր գռեհիկ, մթին լեզու, գեղջուկ բան, ռամկօրէն, սովորական խօսք, աշխարհական խօսք՝ հակադրուած անշուշտ եկեղեցական խօսքին եւ, վերջապէս, աշխարհաբար։ Յստակ է. ինչ որ ժողովրդական էր եւ կապ չունէր վանական ազնուականութեան հետ՝ արհամարհելի էր: Պարզ հաշիւով ուրեմն՝ հայոց լեզուի զարգացման ժամանակագրական կարգը գրաբարէն միջին հայերէն եւ միջին հայերէնէն աշխարհաբար է։ Միջին հայերէնը կիլիկեան թագաւորութեան պաշտօնական լեզուն դարձաւ, բայց Եկեղեցին շարունակեց գործածել գրաբարը։ Շնորհիւ պետական լեզու դարձած ըլլալու իր հանգամանքին, միջին հայերէնը ծնունդ տուաւ հարուստ գրականութեան մը։ Միջանկեալ ըսենք նաեւ, որ թրքախօս հայերը ծաւալեցին հայատառ թրքերէն գրականութիւն, իսկ ատեն մը թուրք մտաւորականներ լրջօրէն մտածեցին հայկական այբուբենը որդեգրելու մասին՝ փոխարինելու համար արաբական տառերը։
Գրաբարի գործածութեան շրջանին վստահաբար գոյութիւն ունէին բարբառներ. անոնց թիւը յաւելում արձանագրած էր միջին հայերէնի գործածութեան շրջանին։ Ասոր պատճառը անշուշտ Հայաստանի մասնահատումն էր եւ համահայկական պետական լեզուի մը բացակայութիւնը։ Գրական լեզուն սակայն մէկ էր թէ՛ գրաբարի եւ թէ՛ միջին հայերէնի շրջանին։ Որեւէ բարբառ չգործածուեցաւ լուրջ կերպով գրականութիւն ստեղծելու համար։ Երկու շրջաններուն ալ հայ ազգը ունեցաւ մէկ գրական լեզու, մէ՛կ պաշտօնական լեզու։
Դժբախտաբար նոյն ձեւի ճակատագիր չունեցաւ աշխարհաբարը։ Հայաստանի բաժանման բազմատեսակութեան պատճառով ծնունդ առին իրարմէ բաւական տարբեր բարբառներ, արեւելեան ճիւղը կը պարփակէր Երեւանի, Թիֆլիսի, Ղարաբաղի, Շամախի, պարսկահայոց եւ Աստրախանի, æուղայի եւ Ագուլիսի բարբառները. արեւմտեան ճիւղը կազմուած էր Կարինի, Մուշի, Խոտրջուրի, Վանի, Տիգրանակերտի, Խարբերդի եւ Երզնկայի, Շապին Գարահիսարի, Համշէնի, Մալաթիոյ, Կիլիկիոյ, Սուրիոյ, Արաբկիրի, Ակնի, Սեբաստիոյ, Թոքաթի, Ամասիոյ, Օրտուի, Իզմիրի, Նիկոմիտիոյ, Պոլսոյ, Ռոտոսթոյի, Խրիմի եւ Առտեալի բարբառներէն։ Պոլսոյ բարբառը հասկնալի պատճառներով զարգացաւ՝ դառնալու համար այսօրուան արեւմտահայերէնը, իսկ Երեւանի բարբառը՝ պաշտօնական արեւելահայերէնը։
Իրենց զարգացման ընթացքին արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը ընթացան տարբեր ուղիներով, հակառակ հայութեան հիմնական երկու կարեւոր հատուածներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերուն եւ հաղորդակցութեան։ Արեւմտահայերէնը զարգացաւ աւելի կանուխ քան՝ արեւելահայերէնը, շնորհիւ Մխիթարեաններու յարատեւ ճիգերուն եւ պոլսահայ ուսանողութեան յառաջդիմական խանդավառութեան։ Լեզուն արագօրէն հարստացաւ գրաբարէն փոխառութիւններով եւ արհեստագիտական նոր եզրերու հայերէնի թարգմանութեամբ։ Կարելի չափով լեզուն զտուեցաւ օտար բառերէ, բայց լեզուի կառոյցը որոշ չափով ու բնականօրէն հետեւեցաւ ֆրանսերէնի կամ առհասարակ ռոմանական լեզուներու կառոյցին. «ա լա ֆրանքա»ն օսմանեան քաղքենի հասարակութեան ազդեցիկ բնաբանն էր, որմէ զերծ չէր նաեւ հայ համայնքն ու իր լեզուն։ Արեւելահայերէնը զարգացաւ ռուսերէնի ազդեցութեամբ եւ անոր միջոցով՝ յատկապէս գերմաներէնի ազդեցութեան տակ. գրաբարէն փոխառութիւնները եղան նուազ, իսկ օտար լեզուներէ փոխառութիւնները եղան աւելի առատ ու կատարուեցան առանց բարդոյթի։ Ի դէպ, աշխարհաբարի տիրապետութեան շրջանին ալ Եկեղեցին շարունակեց գործածել գրաբարը: Վերջերս միայն աշխարհաբարը սկսաւ մուտք գործել ծիսակատարութիւններէն ներս, երբ սփիւռքահայերու մէկ մասը բոլորովին մոռցած է հայերէնը. թէ՛ գրաբարը, թէ՛ աշխարհաբարը:
Հայերէնի երկու տարբերակներուն միջեւ բաղդատութիւն մը կատարած ըլլալու համար կը մէջբերենք Լեւոն Հախվերտեանի խօսքը, որ կ՛ըսէ.
«Թէեւ փոխադարձաբար հասկնալի, սակայն արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի միջեւ կան յստակ ու ակներեւ տարբերութիւններ։ Լեզուաբաններու կարծիքով արեւմտահայերէնը գրաբարին մօտ է իր շարահիւսութեամբ, արեւելահայերէնը՝ արտասանութեամբ։
«… Արեւմտահայերէնը աւելի բարեհնչիւն է, աւելի նուրբ, բայց տեսակ մը գրքային, մինչ արեւելահայերէնը աւելի կոշտ է, բայց աւելի հողեղէն։ Առաջինը աւելի աղէկ մշակուած է գեղեցկագիտօրէն, երկրորդը՝ գաղափարապէս»։
Իսկ Հրաչեայ Աճառեան կ՛ափսոսայ, հաստատելով.-
«Արեւելահայ գրական գործիչները կարող էին ընդունել արեւմտահայ գրական լեզուն, որ արդէն պատրաստ էր, եւ փոքր աշխատանքով յարմարեցնել արեւելահայ ժողովուրդի լեզուական պահանջներին։ Բայց այսպէս չեղաւ։ Նրանք ստեղծեցին մի ուրիշ գրական լեզու, որի հիմքը Երեւանի բարբառն էր եւ որի հեղինակն է համարւում Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանի ուսանողութիւնը»։
Արեւմտահայերէնի զարգացումը անշուշտ դանդաղեցաւ Ցեղասպանութենէն ետք, իսկ արեւելահայերէնի զարգացումը, ընդհակառակը, արագացաւ ու որակական ոստում արձանագրեց՝ ստացած ըլլալով պետական լեզուի հանգամանք։ Սփիւռքի մէջ ներկայիս կ՛ապրինք արեւմտահայերէնի աղաւաղման ու բարբառացման գործընթացի ժամանակաշրջանին մէջ. ծնունդ կ՛առնեն նոր յունաբան հայերէնը, ֆրանսաբան հայերէնը, ամերիկաբան հայերէնը, արաբաբան հայերէնը. բնական երեւոյթներ՝ որոնց ընթացքը գերմարդկային ճիգերով կարելի կ՛ըլլայ դանդաղեցնել։ Հայութիւնը մէկ է, բայց ունի լեզուական զոյգ ճիւղաւորում. առաջինը իր բնօրրանին մէջ տիրական կերպով զարգանալու բոլոր պատեհութիւնները ունեցող, միւսը՝ օտարութեան մէջ հիւծող ու այլափոխուող։
Երկուքի բաժնուեցաւ նաեւ ուղղագրութիւնը։ Մինչեւ 1922 հայերէնի երկու ճիւղերը կը գործածէին նոյն ուղղագրութիւնը. այդ թուականին առնուեցաւ պետական որոշում՝ դասական ուղղագրութիւնը փոխարինելու Մանուկ Աբեղեանի առաջարկած ուղղագրութեամբ, որ շատ տարբեր էր դասականէն. այնքան տարբեր՝ որ նոյն իշխանութիւններու որոշումով 1940ին որդեգրուեցաւ Գուրգէն Սեւակի կողմէ բարեփոխուած ուղղագրութիւնը. այդ ուղղագրութիւնը կը կիրարկուի մինչեւ այսօր։ Ուղղագրութեան փոփոխութիւնը մեծ յուզում յառաջացուց մտաւորական շրջանակներէ ներս, որոնք այս ինքնագլուխ քայլին մէջ տեսան հայութիւնը բաժնելու միտում, հակառակ անոր, որ ուղղագրութեան բարեփոխման մասին կը խօսուէր տասնամեակներէ ի վեր։ Սակայն այդ փոփոխութիւնը կատարուած էր առանց նախապէս խորհրդակցելու շահագրգռուած բոլոր կողմերուն հետ, առանց յարգելու ժողովրդավարական նուազագոյն սկզբունքները. նոյնիսկ գիտականօրէ՛ն միակողմանի որոշում էր։ Այսպէս, խորհրդային իշխանութիւններու հրովարտակով արուեստականօրէն յաւելեալ երկուութիւն մտցուեցաւ արդէն իսկ այլապէս բաժան-բաժան եղած հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Ուղղագրութեան շուրջ բուռն վէճերը վերսկսան Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, երբ դասական ուղղագրութեան ջատագովները առիթը յարմար նկատեցին հարցը աւելի ազատ պայմաններու մէջ քննարկման ենթարկելու։ Վէճը կը շարունակուի պարբերական բորբոքումներով։
Անշուշտ հայ ազգի մէկութիւնը հարցականի տակ չ՛առնուիր ոեւէ մէկու կողմէ, հակառակ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն, որոնք յառաջ եկած են քաղաքական, տնտեսական, քաղաքակրթական տարբեր միջավայրերու մէջ հայութեան զանազան հատուածներու տարբեր կազմաւորման պատճառով. այս հաստատումը ժխտող լուսանցքային կարգ մը արտայայտութիւններ պարագայական են ու ժամանակաւոր։ Այդ տարբերութիւնները ունին իրենց պատմական պատճառները, իսկ ներկայ հանգրուանին, երբ հայութեան տարբեր հատուածներուն միջեւ հաղորդակցութեան կարելիութիւնները բազմացած են, հայութիւնը ունի պատեհ առիթը ազգը յատկանշող տժգունած տարրերը կրկին աշխուժացնելու՝ զանոնք վերածելով լիարժէք յատկանիշներու։ Ազգային պատկանելիութեան ենթակայական զգացումը եւ հասարակաց պատմութիւն ունենալու գիտակցութիւնը առկայ են. հասարակաց բարքեր ու սովորութիւններ, հասարակաց հաստատութիւններ վերստեղծելը ժամանակի հարց է միայն, այն պայմանով անշուշտ, որ հատուածներու միջեւ հաղորդակցութիւնը ըլլայ կանոնաւոր ու առօրեայ։ Հիմնական ու հրամայական հարցը լեզուի խնդիրն է, որ կը հանդիսանայ այդ հաղորդակցութեան միջոցը եւ որմէ կախեալ է միւս տարբերութիւններու հարթումը։
Ո՞ւր կը գտնուինք այսօր. որո՞նք են լեզուական գետնի վրայ հայութիւնը բաժնող ազդակները։ Անոնք են.-
ա.- Երկու լեզուներու գոյութիւնը՝ կողք-կողքի։
բ.- Երկու ուղղագրութիւններու գործածութիւնը։
գ.- Համացանցային հաղորդակցութեան մարզէն ներս տիրող քաոսը։
Արեւմտահայերէնը այսօր կը գործածուի արեւմտեան սփիւռքի մէջ, անոր գրականութիւնը որոշ չափով տեղ գտած է նաեւ Հայաստանի հայերէնի դասացուցակին վրայ։ Սփիւռքի մէջ ան կ՛ուսուցանուի հայկական վարժարաններէ ներս, իսկ սփիւռքահայ աշակերտութեան մեծամասնութեան համար արեւմտահայերէնը անհասանելի է։ Անոր ճակատագիրը շատ փայլուն չէ։ Հարցումի մը պատասխանելով՝ Կոստան Զարեան կ՛ըսէ.
«Սփիւռքի գրականութեան հեռանկարները պէտք է դիտել սփիւռքի հեռանկարի լոյսին տակ։ Իսկ այդպիսի հեռանկար, դժբախտաբար ես չեմ տեսնում։
«Նոյն ճակատագիրն է վիճակուած նաեւ արեւմտահայերէնին։ Պիտի մահանայ, եթէ շարունակի մաքառել այս պայմաններում։ Մեծ ցաւ է, անշուշտ, ինձ համար այս բանը խոստովանելը, բայց այդպէս եմ տեսնում նրա հեռանկարը»։
Նոյնը կ՛եզրակացնէ Հրաչեայ Աճառեան. «Արեւմտահայերէնը հարուստ է, բայց մեռնելու վրայ է»։
Արեւմտահայերէնին կամ ընդհանրապէս հայերէնին համար սփիւռքի մէջ նախատեսութիւնները քաջալերական չըլլալով հանդերձ՝ սփիւռքը կը մաքառի անբարենպաստ պայմաններու մէջ։ Լեւոն Շանթի նման մտաւորականներ ատենին գիտակցաբար լքեցին գրականութեան մշակումը ամբողջութեամբ նուիրուելու համար հայերէնի ուսուցման գործին։
Արեւմտահայերէնի լեզուական մաքրութեան եւ հարստութեան մասին խոստովանութիւնները ընդհանրական են. ան սփիւռքի մէջ կը տանի կենաց-մահու պայքար։ Այդ պայքարը կը տարուի ոչ համակարգուած ու քաոսային վիճակի մէջ։ Անհատներ իրենք իրենց տուած են լեզուի մաքրութիւնը պահպանելու առաքելութիւնը։ Անհատներ կը կատարեն նոր բառերու փնտռտուքը՝ ստեղծելով բառարանային քաոս։ Անհատներ, առանց յաջողութեան անշուշտ, կը փորձեն պարտադրել իրենց «ճիշդ» քերականութիւնը։ Բիւրեղացումը կ՛ընթանայ որքան տարերային, նոյնքան՝ դանդաղ կերպով, մինչդեռ բառն ու լեզուն իրենց սահմանումով իսկ միայն համախոհութեան արդիւնք կրնան ըլլալ։ Բառի մը նշանակութիւնը սահմանում մըն է, սահմանում՝ որ բնականաբար գործածութեան ընթացքին կրնայ փոխուիլ կամ յաւելեալ նրբերանգներով հարստանալ։ Բառի մը սահմանումը պէտք է ընդունելի ըլլայ ընդհանրութեան կամ անոր ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Բառակերտումը պետական գործ է, իսկ սփիւռքը կառավարութիւն չունի եւ չի կրնար ունենալ։ Արեւմտահայերէնի միութիւնը պահպանողը գոյութիւն չունի։
Տարբեր է արեւելահայերէնի պարագան, որ 1918էն ի վեր պետական գործածութեան առարկայ է։ Համալսարան ու ակադեմիա բառակերտումի հնոցներ եղած են տասնամեակներ շարունակ։ Միաժամանակ, բռնատիրութեան շրջանին, անոնք պատասխանատուները հանդիսացան հայերէնէն ներս օտար բառերու բազմութեան մը արուեստական մուտքին. այս պարագան այնքան ալ մտահոգիչ պէտք չէ նկատել, քանի Աճառեանի բառերով՝ «Ամէն մի լեզու, որ կեղծ է եւ անհատական քմահաճոյքի արդիւնք, ուշ թէ շուտ պիտի վերացուի»։ Արուեստականօրէն ներմուծուող բառերը փոխարինելը այնքան ալ դժուար չէ, այնքան ատեն, որ հայերէն բառերը գոյութիւն ունին, կամ անոնց կերտումը կարելի է։ Իսկ հայերէն լեզուի բառակերտման կարողականութիւնը կը մրցի զարգացած այլ լեզուներու մեծամասնութեան հետ։ Հայաստանի մէջ կը գործէ «լեզուի պետական տեսչութիւն»ը, որուն կից կը գործէ «հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդ»ը, որ կազմուած է լեզուաբաններէ եւ այլ ճիւղերու մասնագէտներէ։ Տեսչութիւնը ունի երեք վարչութիւններ. լեզուական հսկողութեան, լեզուական ուսուցման եւ լեզուաշինութեան։ Անտարակոյս, արեւելահայերէնի զարգացման գործընթացը աւելի վերահսկելի է, քան արեւմտահայերէնինը։
Փշոտ հարց է մանաւանդ ուղղագրութեան հարցը, որ տեղի կու տայ կրքոտ վէճերու։ Մեր կարծիքով այդ ձեւի վէճերը կ՛ուշացնեն այս հարցին շուրջ հաւանական համախոհութիւն մը ստեղծելու կարելիութիւնը։ Այս ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան լեզուի մասին օրէնքը քաջալերական է։ Ան կ՛ըսէ.
«Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուն հայերէնն է։ … Հայաստանի Հանրապետութիւնը նպաստում է հայերէնի ուղղագրութեան միասնականացմանը»։
Ոչ մէկ խօսք արեւելահայերէնի մասին, ոչ մէկ խօսք աբեղեանական (աւելի ճիշդ՝ Գուրգէն Սեւակեանական) ուղղագրութեան մասին։ Բոլոր կարելիութիւնները բաց են։ Հարկաւոր է ձգտիլ համախոհութեան, որպէսզի լեզուն ըլլայ մէկ։
Հայոց լեզուի միութեան ձգտումի պատմութիւնը բարդ ու երկար է։ 19րդ դարու վերջաւորութեան Մանուկ Աբեղեան կը գրէր.
«Մեզ նման ցրուած մի ազգի մէջ մի միակ գրական լեզու ունենալը անհրաժեշտ միջոց է ազգային միութեան համար։ Եթէ այժմ մենք երկու գրական լեզու ունինք, այդ յատկապէս արեւելեան հայոց անցեալ գրագէտների անհեռատեսութեան շնորհիւ է։ Մեր արեւելեան գրական լեզուն արդի ձեւով իսկապէս գոյութիւն պիտի չ՛ունենար, եթէ Նալպանտեան, Պատկանեան եւ ուրիշները, որոնք սկիզբ դրին այդ գրական լեզուին, աւելի ծանր մտածած լինէին իրենց գործի վրայ եւ հայութիւնը սահմաններից դուրս եւս տեսնէին»։ Ան կը շարունակէ ըսելով, թէ լեզուական միութեան բացակայութեան՝ երկու լեզուները պէտք է «այնչափ մօտեցնել, որ երկու կողմից եւս հասկանալի լինի»։
Սակայն նոյն Աբեղեանը արեւմտահայերէնին կ՛ուզէ պարտադրել այնպիսի փոփոխութիւններ, որուն հետեւանքով լեզուաբաններու շրջանակին մէջ բուռն վէճեր կը ծագին։ Այս ուղղութեամբ Գրիգոր Վանցեան կը հակաճառէ.
«Աբեղեանի մեթոտի սխալն այն է, որ արեւմտեաններին խրատ է տալիս այս կամ այն ձեւով մեզ մօտենալու. աւելի խելացի կը լինէր, եթէ նա մեզ խրատէր արեւմտեանի այս կամ այն առաւելութիւնից օգտուելու»։
Ճիշդ մօտեցումը, կը կարծենք, Գրիգոր Վանցեանինն է։ Եթէ հետագայ հանգրուանի մը լեզուական միութեան հասնելու հարցին շուրջ համախոհութեան հասնելու տրամադրութիւն կայ, իւրաքանչիւր կողմ դիմացինին ընելիքը թելադրելու փոխարէն, ինքն իր ընելիքը պէտք է սահմանէ։
Վերոյիշեալ վէճը տեղի կ՛ունենար, երբ տակաւին արեւմտահայերէնը իր զարգացման բարձունքին վրայ էր։ Այսօր տարբեր է կացութիւնը, սակայն Կոստան Զարեանի հետեւեալ խօսքերը կը մնան ի զօրու.
«Հայութիւնը մի է։ Չի կարելի բաժան-բաժան անել ո՛չ նրա ոգին, ո՛չ նրա թափը եւ ո՛չ այն հաւաքական ենթագիտակցականը, որ աղբիւրն է աղբիւրների եւ պատճառը պատճառների։ Հայաստանը, մեր աստուածների ձեռքով կերտուած, աշխարհագրական բնորոշ միաւոր է, ինչպէս միաւոր է մեր ցեղը եւ մեր լեզուն։ Հայ գրականութեան գերագոյն նպատակն է այս միութիւնը պահել եւ հասցնել իր բիւրեղացման վիճակին։
«Ես հայութիւնը երեւակայում եմ իբրեւ մի։
«Միասնական լեզուն պիտանի է ամբողջ հայութեան համար, որովհետեւ լեզուն պահպանում է ազգութիւնը։
«Ես էլ եմ սկսել արեւմտահայերէնով, ապա անցել եմ արեւելահայերէնի։ Իմ նպատակը չէ եղած այդ լեզուները միացնել, այլ՝ հարստացնել մէկը միւսով»։
Այսպէս է. լեզուական որեւէ փոփոխութիւն կարելի չէ արագ ու արուեստականօրէն պարտադրել, մանաւանդ ներկայի ազատ պայմաններուն մէջ։ Նորի ստեղծումը կու գայ բնականաբար, հաղորդակցութեան միջոցով եւ բարեշրջումով։ Օրէնքը պէտք է պարզապէս արտօնէ յառաջատուական փոփոխութեան կարելիութիւնը, որ երկու լեզուներու փոխադարձ հարստացումով կրնայ ժամանակի ընթացքին առաջնորդել դէպի լեզուական միութիւն։ Ճի՛շդ է Հ. Աճառեանի կարծիքը, թէ.-
«Լեզուների մէջ մաքուր եւ աղաւաղեալ չկայ. բոլորն ալ յարատեւ փոփոխութեան, բարեշրջութեան ընթացքի մէջ են եւ պատմական անհրաժեշտութիւն է, որ նորերը փոխանակեն հիները»։
Մեր պարագային պատմական անհրաժեշտութիւն է նոր հայերէնի կազմաւորումը, որուն վիճակուած է փոխարինել ներկայ արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը։ Նոր հայերէնը՝ դասական հայերէնի, գրաբարի եւ միջին հայերէնի նման, համայն հայութեան հայերէնը։
Այդ լեզուի երկունքը սկսած է արդէն մեր աչքին առջեւ։ Սփիւռքահայը նոյն լեզուն չի խօսիր այսօր, ինչ որ քսան տարիներ առաջ։ Արտագաղթած նախկին հայրենաբնակ հայը նոր հայերէնի տարրեր կը ներմուծէ հայերէնի իր լեզուական քարտէսին վրայ։ Հաղորդակցութիւնը անխուսափելիօրէն կը հարստացնէ եւ կը միաւորէ։
Լեզուական միութիւնը ներկայ պայմաններու մէջ բնականոն ընթացք նկատելով, պետութեան կ՛իյնայ այդ բնականոն գործընթացը հունաւորելու պարտականութիւնը՝ անոր տալով համազգային նպատակաուղղուածութիւն։
Կը կարծենք, որ այդպիսի գործողութեան մը համար օգտակար կրնան ըլլալ հետեւեալ ձեռնարկները.-
ա.- Արեւմտահայերէնի մասնագէտներ, որոնց կարգին նաեւ սփիւռքահայեր, ներառել «լեզուի պետական տեսչութեան» եւ «հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդ»ին մէջ, որպէսզի դիւրանայ երկու լեզուներու փոխհարստացումը։
բ.- Սփիւռքի մէջ եւս հրապարակել «բարձրագոյն խորհուրդ»ին կողմէ ընդունուած նոր բառերն ու կատարուած փոփոխութիւնները։ Զանոնք փոխանցել նաեւ սփիւռքի հայկական վարժարաններուն ու մամուլին։
գ.- Արեւմտահայերէնի մասնագէտներով համալրուած տեսչութիւնն ու «բարձրագոյն խորհուրդ»ը լուսարձակներէ հեռու պէտք է քննէ ուղղագրութեան հարցը, առանց նախօրօք ճշդելու եզրակացութեան մը հասնելու պայմանաժամը։
դ.- Իբրեւ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի դանդաղ միախառնման քուրայ Հայաստանի մէջ ստեղծել արեւմտահայ լեզուի ու գրականութեան ուսումնասիրութեան եւ ուսուցման յատուկ կառոյց, նախընտրաբար պետական համալսարանի ծիրէն ներս։ Այսպիսի ձեռնարկ մը պէտք է համարել անմիջական անհրաժեշտութիւն։
ե.- Վերջնականօրէն լուծել համացանցի վրայ հայերէն տառերու գործածութեան միօրինականացման հարցը, քանի դեռ ուշ չէ։
Լեզուական հարցին մէջ քաղաքական կամքի ձեւաւորումը կը կարօտի քաղաքական յանդուգն որոշումներու, քանի հարցը կը վերաբերի հայ ազգի վերամիաւորման։ Ներկայ պայմաններով ստեղծուած բարենպաստ մթնոլորտը միշտ չէ, որ ընծայուած է հայութեան վերջին վեց դարերու ընթացքին։ Այս առիթէն անպայման պէտք է օգտուիլ 19րդ դարուն գործուած սխալը ժամանակի ընթացքին սրբագրել կարենալու համար:
(Զեկուցում՝ ներկայացուած ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու խորհրդաժողովին, Պէյրութ, Նոյեմբեր 2004ին)