ՍԱՆԹԱ ՊԱՐՊԱՐԱ.- Սանթա Պարպարայի արուեստի թանգարանը կը տեղեկացնէ, թէ Յունուար 22էն մինչեւ Ապրիլ 17 պիտի հիւրընկալէ ամերիկահայ արուեստագէտ Չարլզ Կարապետեանի գործերու լայնածաւալ ցուցադրութիւն մը:
Մօտաւորապէս 60 ստեղծագործութեանց ցուցադրութիւնը, վերջին 28 տարիներու ընթացքին, արուեստագէտին կարեւորագոյն ցուցադրութիւնը կը նկատուի:
Չարլզ Կարապետեան ծնած է 1923ին, Միշիկըն, եւ զաւակն է Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած Վերգին Տէմիրճեանի ու Եղիա Կարապետեանի:
Ցուցահանդէսին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան դասախօսական ձեռնարկներ, քննարկումներ ու ներկայացումներ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել թանգարանի համացանցային կայքը՝ www.sbmuseart.org հասցէով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.