Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28ի կէսօրին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Պրազիլի հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ արք. Ղարիպեանի։
Տրուած ըլլալով, որ հիւր սրբազան հայրը Լոս Անճելըս կը գտնուէր ու տարիներու բարեկամութիւն ունի առաջնորդին հետ, փափաքած էր Ամանորի ու Ս. Ծննդեան տօնի առիթով այցելութիւն տալ Ազգ. առաջնորդարան ու փոխանցել իր բարեմաղթութիւնները։ Բարձրաստիճան հոգեւորականին Ազգ. առաջնորդարան առաջին այցելութիւնը ըլլալով՝ առաջնորդը ծանօթութիւններ տուաւ նոր շէնքի կառուցման ընթացքին ու անոր յարկին տակ այժմ տարուող բազմաճիւղ աշխատանքներուն մասին։ Հրաժեշտի պահուն, երկու առաջնորդները բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին՝ յոյս յայտնելով, որ 2011 տարին ըլլայ բարեբեր տարի մը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.