ԱԹԷՆՔ.- Նէոս Գոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին ու Տիկնանց մարմինին կազմակերպած ամանորեան աւանդական գաթայի հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Յունուար 1ի կէսօրին, Ս. պատարագի մատուցումէն ետք, եկեղեցւոյ սրահէն ներս, հարիւրի մօտ եւ զանազան տարիքի պատկանող հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։
Ներկաներուն ուղղած բարեմաղթութեան խօսքերէն ետք, եկեղեցւոյ հովուապետ Նարեկ քահանայ հաղորդեց, թէ այս տարուան բախտաւորը պիտի ստանայ ոսկի մատանի մը, որ տրամադրուած է սգակիր Թէոբիսթի Գունտաքճեանի կողմէ, իր նորոգ հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Կարպիս Գունտաքճեանի յիշատակին։
Ապա ձայնը տրուեցաւ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Ազարիկ Եորղանճեանին, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Անգամ մը եւս Աստուած արժանացուց մեզ բոլորս, որ միատեղ կատարենք ամանորի կարկանդակի հաւաքոյթը։ Դժուար տարի մը անցաւ եւ ոչ մէկ կասկած, թէ աւելի դժուար տարի մը պիտի ստիպուինք դիմաւորել, մանաւանդ՝ տնտեսական գետնի վրայ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.