ՊՈԼԻՍ, «7 Օր».- 2011ի Ապրիլ 24-25 օրերուն, Անգարայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած խորհրդաժողով մը՝ «1915՝ նախապատմական եւ յետպատմական շրջան. ժխտում եւ առճակատում» խորագիրով:
Խորհրդաժողովին կազմակերպիչն է Անգարայի մէջ «Միտքի ազատութեան նախաձեռնութիւն»ը (AFTI): Խորհրդաժողովին կը մասնակցին հրատարակիչ Ռակիպ Զարաքօլու, պատմաբան Ռեչեփ Մարասլի, գրող Սայիթ Չեթինօղլու, ինչպէս նաեւ գիտնական-պատմաբաններ Միացեալ Նահանգներէն:
Գիտաժողովը նուիրուած է Հրանդ Տինքի յիշատակին: