
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Սի.Էն.Էն.»- Նոր տարին կը սկսինք տնտեսական յուսատու լուրերով: Արդարեւ, ըստ երկու ոչ-պետական հիմնարկներու կողմէ հրապարակուած զեկոյցներու, անցեալ ամիս՝ Դեկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու մասնաւոր հատուածը 297,000 նոր աշխատատեղեր ստեղծած է:
Տնտեսագէտներ, որոնք անցեալ ամիս կը նախատեսէին միայն հարիւր հազար նոր աշխատատեղերու ստեղծում, զարմացած են ու այս տուեալը կը նկատեն իբրեւ ճգնաժամէն դուրս գալու ազդանշան:
Նոր աշխատատեղերու մասին պետական զեկոյցը պիտի հրապարակուի վաղը՝ Ուրբաթ:
Ըստ «Էյ.Տի.Փի.» աշխատավարձեր հաշուարկող ընկերութեան հրապարակած զեկոյցին, Դեկտեմբեր ամսուն 270,000 աշխատանքի առիթ ստեղծուած է ծառայութեանց եւ սպասարկման ոլորտին մէջ, իսկ ապրանք արտադրող հատուածը աւելցուցած է 27,000 նոր աշխատատեղ, ինչ որ 2006 Փետրուարէն ի վեր մեծագոյն աճը կը հանդիսանայ: