
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Դեկտեմբեր 16ին, աշխարհահռչակ «Մեթրոփոլիթըն» արուեստի թանգարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի երեխաներ հիմնադրամի տարեկան եօթներորդ ձեռնարկին ընթացքին, որուն ներկայ էր մօտաւորապէս 300 հոգի, նուիրատուները կրցած են գոյացնել 1.5 միլիոն տոլար գումար մը, որ պիտի տրամադրուի Հայաստանի գիւղական շրջաններ բնակող երեխաներուն կրթական ու ապրուստի մակարդակը բարելաւելու նպատակին:
Գումարին մեծ մասը պիտի տրամադրուի Միասնիկեանի մէջ գործող վարժարանի նորոգութեան աշխատանքներուն, իսկ մնացեալը՝ վերջին վեց տարիներու ընթացքին հիմնարկին ուշադրութեան առարկայ դարձած 10 գիւղերու երեխաներուն:
Ձեռնարկին ներկաները վայելեցին «Էմի» մրցանակին տիրացած դերասանուհի եւ հիմնարկի համակիրներէն Անտրէա Մարթինի հանդիսավարութիւնը, իսկ ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներ ունեցած են 13ամեայ երգիչ-դերասան Քայլ Ալեքսանտր Պրեն, 15ամեայ ջութակահար Սերինա Հուենկ, սակայն ամենազգացական ելոյթին պատասխանատուներէն էին Միասնիկեանէն «Հրաշք» խումբի երեք երեխաները՝ Սիլվա Պաղտասարեան, Թաթիանա Հմայակեան եւ Սիրանուշ Պոյաճեան:
Ձեռնարկին ընթացքին մեծարուեցան նաեւ բարերար Ժերար Քաֆեսճեան, զոր ներկայացուց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզը, եւ հանգուցեալ Փօլ Նիւմըն՝ հիմնարկի նուիրատուներէն մէկը, որ ներկայացուցեաւ հեղինակ Մարք ՄըքԵուընի կողմէ:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր «Քառնըկի» հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Վարդան Գրիգորեան: Ելոյթներ ունեցան նաեւ արուեստագէտ Մայքըլ Արամ ու արուեստի մասնագէտ դոկտ. Հելըն Էվընզ:
Ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի երեխաներ հիմնադրամի հիմնադիր տնօրէն դոկտ. Կարօ Արմէն, որ խօսեցաւ նաեւ կազմակերպութեան նորագոյն իրագործումներուն մասին՝ շեշտը դնելով յատկապէս Միասնիկեանի մէջ նորոգուող վարժարանին վրայ: