ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Չենք կրնար անտեսել այն փաստը, որ տարին կը փակենք Ուաշինկթընի մէջ արձանագրուած երկու շռնդալից ձախողութիւններով:
Արդարեւ, Հայկական Ցեղասպանութեան թիւ 252 բանաձեւը քուէարկութեան չդրուեցաւ, իսկ երկու օր առաջ, նախագահ Օպաման Ատրպէյճանի մօտ դեսպան նշանակեց ամերիկահայութեան համար ամէնէն անցանկալի «դիւանագէտ»ներէն մէկը՝ Մեթիու Պրայզան:
Անշուշտ կրնանք մենք մեզ մխիթարել՝ ընդգծելով մեր համայնքին կարողութիւնը՝ բանաձեւը հասցնելու այնպիսի վիճակի մը, որ շատ մօտ էր յաջողութեան: Կրնանք նաեւ մխիթարուիլ, որ մեր ազդեցիկ ուժին միջոցաւ նախագահ Օպաման պարտաւորուեցաւ դիմել դարձ-դարձիկ միջոցներու, որպէսզի Պրայզան դեսպան նշանակէ: Նման ինքնախաբէութեանց դիմելու փոխարէն, կ՛ուզենք վերագնահատել մեր քաղաքական ու քարոզչական հնարաւորութիւնները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքին մեր դիրքերը առաւել ուժեղացնելու մտասեւեռումով:
Ձախողութիւնները պարտութիւն չեն, սակայն եթէ անտեսուին ու համապատասխան հետեւութիւններ չկատարուին, կրնան ճամբան բանալ իսկական պարտութիւններու:
Մեր պարագային, առաջին հերթին, պէտք է հաշուի նստինք այն փաստին հետ, որ պետականօրէն տրամադրուած ատրպեճանական քարիւղի դրամներով այսօր ԱՄՆի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կը գործեն սփիւռքեան 370 ազերի կառոյցներ, որոնք բոլորն ալ լծուած են հակահայկական քարոզչական ու քաղաքական աշխատանքներու՝ ամէն տեղ վայելելով նաեւ իրենց թուրք ազգակիցներուն ու թրքական պետութեան նիւթական աջակցութիւնը:
Հայկական Սփիւռքը իր քաղաքական գործունէութեան մէջ, դժբախտաբար, մինակ է: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անցեալին, համադրական որոշ աշխատանքներ տարած է Հայ Դատի յանձնախումբերուն հետ՝ քննարկելով Հայաստանի ու հայութեան դէմ ծառացած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ուղղութիւնը, սակայն վերջին տարիներուն, այդ գործելակերպը մոռցուած է: Արձանագրութիւններուն հետ կապուած խայտառակութիւնը նկատի ունենալով, արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քայլերով, կարծես, միտում ունի սփիւռքեան քաղաքական ազդեցութիւնը տկարացնելու՝ անոր սատար կանգնելու փոխարէն:
Յամենայնդէպս, մինակ ալ եթէ մնանք, մենք պարտաւոր ենք յանուն Հայաստանի, յանուն հայ ժողովուրդի շահերուն, ամէն ինչ ընել՝ բազմապատկելու մեր քաղաքական լծակները այս երկիրի տարածքին: Նման բան կարելի կը դառնայ միայն ու միայն ժողովրդային առաւել լայն խաւերու ներգրաւումով, Հայ Դատի աշխատանքներուն, անոնց կարեւորութեան ու նշանակութեան մասին ամերիկահայութեան զգօնութեան հզօրացումով:
Նաեւ՝ Հայ Դատի յանձնախումբին նիւթական աջակցութեան բազմապատիկ յաւելումով: