ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Դեկտեմբեր 28-30ի միջեւ, աշխատանքային այցով Հայաստան կը գտնուի Իրանի բարձրագոյն կրթութեան, գիտութեան եւ գիտարուեստներու նախարարութեան պատուիրակութիւնը, որուն հետ կը քննարկուի Իրանի մէջ հայկական որոշ համալսարաններու վկայականներուն ճանաչման հարցը:
Դեկտեմբեր 29ին, Իրանի պատուիրակութիւնը ընդունուած է ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի կողմէ, որ նշած է, թէ այցին ընթացքին կը նախատեսուի բաւական յագեցած ծրագիր. «Մէկ տարուայ ընթացքում մենք արձանագրել ենք հսկայական արդիւնքներ, բայց երկուստեք ակնկալիքներն աւելի մեծ են: Ես յոյսով եմ, որ այս այցը եւս կը նպաստի եւ լաւ հիմք կը հանդիսանայ նոր գաղափարների եւ ծրագրերի կեանքի կոչման համար», ըսած է Ա. Աշոտեան:
Իրանի բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի ուսանողական հարցերով տեղակալ Մահմուտ Մօլլապաշի, իբրեւ համագործակցութեան հիմնական առանցք նշած է «ասփիրանթական» կրթութիւնը՝ ներկայացնելով Իրանի մէջ «ասփիրանթուրա»ի ընդունելութեան կարգը եւ պահանջները: Նախարարի տեղակալը յոյս յայտնած է, որ նման պահանջներ կը դրսեւորուին նաեւ Հայաստանի գիտակրթական հաստատութիւններու մէջ «ասփիրանթուրա»ի ընդունուիլ փափաքող Իրանի ուսանողներուն նկատմամբ: Ան նաեւ մատնանշած է, որ իրանցի որոշ ուսանողներ, որոնք բժշկական կրթութիւն ստացած են Հայաստանի ոչ պետական համալսարաններու մէջ, ոչ միայն չունին անհրաժեշտ գիտելիքներ, այլեւ, ըստ ուսումնասիրութիւններու, միայն կարճ ժամանակահատուածի մը համար գտնուած են Հայաստան: Սակայն, պատուիրակութեան անդամները միաժամանակ գնահատած են Երեւանի ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան պետական համալսարանի եւ Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցի իրանցի շրջանաւարտներուն մասնագիտական գիտելիքներն ու կարողութիւնները:
Անդրադառնալով Հայաստանի շարք մը համալսարաններու վկայականներուն՝ իրանական կողմէն ճանաչման խնդիրին՝ Հայաստանի նախարարը նշած է, որ անոնք կը վերաբերին ընդամէնը երեք համալսարանի՝ Երեւանի պետական, Երեւանի Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական եւ Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարաններուն:
Կողմերը նաեւ անդրադարձած են երկու երկիրներու մայր համալսարաններուն մէջ համապատասխանաբար իսլամագիտութեան եւ հայագիտութեան կեդրոններ հիմնելու հնարաւորութեան:
Հանդիպման աւարտին կողմերը պայմանաւորուած են ստեղծել աշխատանքային խումբ մը՝ քննարկելու համար բոլոր առկայ խնդիրները, եւ համապատասխան առաջարկներ ներկայացնելու համար երկու երկիրներու կառավարութիւններուն: