ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի կառավարութեան եւ «Հայփոսթ» ընկերութեան Դեկտեմբեր 29ին կնքած պայմանագիրին հիման վրայ, այսուհետեւ կենսաթոշակները կը վճարուին «Հայփոսթ»ի բաժանմունքներուն մէջ։ Ստորագրուած պայմանագիրին հետեւանքով, սակայն, աշխատանքէ զրկուեցաւ կենսաթոշակային հիմնադրամի 300 աշխատակից։ Դեկտեմբեր 30ին, նշեալ աշխատողներէն քանի մը տասնեակը, կառավարութեան շէնքին դիմաց բողոքի ցոյց մը կազմակերպեց:
Կենսաթոշակային հիմնադրամի նախկին աշխատակիցները նշած են, որ իրենց դուրս դրած են աշխատանքէ՝ խախտելով «Աշխատանքային օրէնսգիրք»ը: Աշխատանքէ դուրս դնելու պարագային, պէտք է անոր մասին զգուշացնել 2 ամիս առաջ, սակայն այս աշխատողներուն իմաց տուած են ընդամէնը 2 շաբաթ առաջ: «Սոված շան նման հանեցին, դուրս շպրտեցին», ըսած է հաւաքուած կիներէն մէկը:
Նոյն օրը կայացած ՀՀ կառավարութեան նիստին ընթացքին, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան յայտարարած է, որ աշխատանքէ դուրս դրուածները կրնան դիմել «Հայփոսթ»ին եւ աշխատանքի ընդունուիլ: Սակայն բողոքի ցոյցին մասնակիցները նշած են, որ այդ աշխատանքին համար նախ պէտք է յատուկ քննութիւն մը յանձնեն, որուն նկատմամբ, ըստ իրենց, վստահութիւն չկայ: