
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ներկայ եղանակին երրորդ անգամ ըլլալով, «Դիլիջան» երաժշտական ընկերակցութիւնը Կիրակի, Դեկտեմբեր 19ին գեղեցիկ ձայնի՝ գործիքային ու մարդկային ձայնի, նոր վայելք մը ընծայեց երաժշտասէրներուն, որոնք արհամարհելով մթնոլորտային աննպաստ պայմանները՝ տեղատարափ անձրեւն ու ցուրտը՝ «Զիփըր» սրահ դիմած էին հոգեպէս ջերմանալու համար. (ի դէպ, մթնոլորտային պայմանները միայն պատրուակ են նման վայելքներէ ինքնազրկումի համար, որովհետեւ պատրուակներ մի՛շտ ալ կարելի է գտնել…)
Հանդիսականները աւելի քան երկու ժամ անջատուեցան առօրեայի հոգեմաշ տաղտուկներէ եւ ապրեցան պերճանքի ու հոգեկան վերացումի աղուոր պահ մը, զոր կրնանք բազմաճիւղ կոչել անվերապահօրէն։
Ինչո՛ւ այս որակումը։
Յայտագիրը ունէր քանի մը «յարկ»։ Անիկա բացուեցաւ «Լարք» երաժշտանոցի տաղանդաւոր սաներու երաժշտական մատուցումներով։ Պարման ու պար-մանուհի երեք երաժիշտներ՝ Ճենի Միրզոյեան, Մեղրի Պապիկեան եւ Աւետիս Ալէն Տիշիկրիքեան, դաշնակի վրայ ներկայացուցին ընդամէնը չորս կտոր, յուշելու, թէ տաղանդները կը ծաղկին «Լարք»ի նման երաժշտանոցներու հոգածութեամբ եւ գուրգուրանքով, որուն անպայմանօրէն մասնակից են ծնողներ, հաղորդակից կը դառնան հայ թէ օտար երգահաններու ազնուացնող ստեղծագործութիւններուն եւ նախատեսել կու տան, որ իրենք ալ կրնան վաղը դառնալ նոյն ճամբէն քալող արժանաւորներ։
Միւս «յարկեր»ը կազմուած էին կատարելագործուած երաժիշտներու եւ երգչուհիի մը միջոցաւ։ Անոնք կը կոչուին Մովսէս Պօղոսեան, Անա Լանտօր (ջութակ), Արմէն Կիւզէլիմեան (դաշնակ), Արմէն Քսաճըքեան (թաւ ջութակ), Կերի Պովյըր (քլարինէթ) եւ Էլիսա Ժոնսթըն (սոփրանօ)։ Հոս եւս, հայ եւ օտար երգահաններու հին ու նոր ստեղծագործութեանց տողանցք մը տեղի ունեցաւ՝ երաժշտական գործիքներով եւ մարդկային գեղեցիկ ձայնով, որոնք իրարու հետ ազնիւ մրցումի մէջ էին, ու միաձուլուելով՝ ներկաները առաջնորդեցին նուագի ու երգի այլաշխարհային ոլորտներ։ Ափսոս, որ նման մթնոլորտ կարելի չէ բառերով արտայայտել հարազատօրէն, այլ պէտք է մասնակից ըլլալ, ապրի՛լ զանոնք, անոնցմէ պատառիկներ ու տպաւորութիւններ տուն տանիլ ու պահպանել ըստ կարելւոյն։
Յայտագիրին ուշագրաւ բաժիններէն արձանագրենք գոնէ երկու կէտ։ Համերգը տեղի կ՛ունենար տօնական օրերու նախօրեակին, հետեւաբար, բնական էր, որ յայտագիրին մէջ տեղ գտած ըլլային համապատասխան կտորներ։ Անոնք բազմիցս հնչող կամ ձայնասփիւռի կայաններէ ունկնդիրները ձանձրացնելու չափ մրճահարող կտորներ չէին, այլ պեղուած էին խնամքով, յիշեցնելու համար, որ երաժշտական «գրադարաններուն» մէջ կը գտնուին սքանչելի ստեղծագործութիւններ, որոնք կը կարօտին «Լարք»-«Դիլիջան» ձեռքերու միջոցով՝ վերայայտնաբերումի։
Ուշագրաւ երկրորդ կէտը՝ բանաստեղծութիւն-երաժշտութիւն համատեղելիութեան փաստն էր. գերմանացի Վիլհելմ Միւլըրի եւ ռուս Ալեքսանտըր Փուշկինի բանաստեղծական ստեղծագործութեանց հիմամբ հիւսուած երաժշտական յօրինումները, նուագարաններուն միացող մարդկային գեղեցիկ ձայնի մեկնաբանութեամբ, անուղղակի թելադրանքի մը ծնունդ տուին մեր միտքին մէջ. քանի՜-քանի հայ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները կը սպասեն երգահաններու. միջնադարէն սկսեալ ու մինչեւ անցեալ դարու երկրորդ կէսը տարածուող այդ գեղեցիկ աւանդութիւնը վերջերս որոշ դանդաղում ու տժգունացում կ՛ապրի՝ ազնիւ մարտահրաւէրի դիմաց դնելով մեր նորագոյն սերունդի երաժիշտները, որոնք կրնան դասական կամ ժողովրդային ոճերով մեր ժողովուրդին հրամցնել նման ստեղծագործութիւններ, բառ-երաժշտութիւն համադրումը դարձնել ժողովուրդի էութեան ու առօրեային մէկ մասնիկը, հաստատելով անքակտելի կամուրջներ։
…Բարեբախտաբար, «Դիլիջան» այս եղանակին տակաւին հրամցնելիք ունի. մինչեւ Ապրիլ, յայտագիրի վրայ են համերգներ։