ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Քրեսենթա Հովիտի Քաղաքպետական խորհուրդի Դեկտեմբեր 2010ի ամսական ժողովը արտասովոր երեւոյթ մը կը պարզէր: Անիկա գումարուեցաւ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 16ի երեկոյեան ժամը 7ին, Քրեսենթայի քաղաքապետարանի սրահէն ներս:
Ժողովասրահը լեցուն էր յատկապէս հայութեամբ, որոնք եկած էին ականատես ըլլալու եւ հպարտանալու նորընտիր քաղաքապետական խորհուրդի հայազգի անդամ Հրայր Լիոնի երդման արարողութեամբ: Հոն էին Քրեսենթա Հովիտի «Զաւարեան» կոմիտէութեան եւ ՀՄԸՄի «Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչները, Հարի Լիոնի ընտանիքը, ընկերները, ՀՄԸՄական մարզիկ-մարզիկուհիներ եւ հարազատներ:
Ժողովը սկսաւ Քրեսենթա Հովիտի Հայ Սքուլի աշակերտութեան կատարած դրօշակի արարողութեամբ, որուն յաջորդեց հաւաքական աղօթք՝ տեղւոյն Քորէական համայնքի կրօնական առաջնորդին:
Այնուհետեւ երկու ընտանիքներ պարգեւատրուեցան քաղաքապետութեան Christmas Spirit Award-ով, որ հետաքրքրական երեւոյթ էր:
Քաղաքապետարանի տարեկան զեկոյցէն ետք, հրաժեշտ տրուեցաւ ընթացաւարտ չորս քաղաքապետական խորհուրդի անդամ-անդամուհիներուն եւ անոնց փոխարէն ողջոյնի գեղեցիկ խօսքերով հրաւիրուեցան նորընտիր քաղաքապետական խորհուրդի չորս անդամները, որոնք իրենց համապատասխան երդման տպաւորիչ արարողութիւնը կատարեցին, վերահսկիչ Մայքըլ Անթոնովիչի գլխաւորութեամբ, որ նաեւ ոգեւորիչ իր ճառով հաստատեց նորընտիր խորհուրդի անդամներու պաշտօնները:
Ժողովը դադար առաւ, առիթ ընծայելով ներկաներուն շնորհաւորելու եւ յիշատակի պատկերներ ունենալու նոր քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ:
Ներկաները, յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով շնորհաւորեցին Լիոնի նոր պաշտօնը, խոստանալով միշտ թիկունք կանգնիլ անոր բոլոր նախաձեռնութիւններուն:
Յիշեցնենք, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէն ի վեր, Հարի Լիոն գործօն մասնակցութիւն բերած է մարդկութեան ծառայող զանազան կազմակերպութիւններու գործունէութեանց մէջ: Ան բաւական խորացած է մարզական կեանքէն ներս եւ 90ականներէն կամաւոր ծառայած է իբրեւ մարզիչ, Ամերիկեան Սկաուտութեան (BSA) եւ ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղէն ներս: Եղած է վարչութեան անդամ ՀՄԸՄի Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղին: Ան երկար տարիներ անդամակցած է ՀՄԸՄի Շրջանային Մարզական խորհուրդին:
2003էն ի վեր կը բնակի Գրեսէնթա Հովիտի մէջ: Ամուսնացած է ՀՄԸՄական Մարալ Էօլմէսէքեանի հետ եւ ունի երկու ՀՄԸՄական զաւակներ՝ Սեւակ եւ Սարին:
Հարի Լիոնի գլխաւոր նպատակն է զինք ընտրած քաղաքի կեանքի որակը, ծառայելով անոր երիտասարդութեան, ընտանիքներուն եւ տարեցներուն, ապահովելով ուրախ եւ բարգաւաճ շրջապատ մը բոլորին: