ՔԵՍԱՊ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, նախաձեռնութեամբ «Քեսապցիներ՝ Քեսապի համար» կայքէջին եւ «Եաւուրեան» սթիւտիոյին, վերջերս «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Քեսապ» խորագիրով վաւերագրական ժապաւէնի ներկայացումը, որուն մէջ ներկայացուած էր քեսապցիներուն կեանքը, աւանդութիւնը եւ սովորութիւնները։
Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Արա Քէշիշեան։ Ան խօսեցաւ ժապաւէնի պատրաստութեան մասին, որուն մէջ Քեսապը կը ներկայացուի իր աւանդութիւններով, մշակոյթով, համայնքներով եւ ամէնօրեայ կենցաղով։ Իր խօսքի աւարտին, ան յաջողութիւն մաղթեց անոնց, որոնք կը պահպանեն Քեսապի բարքերն ու սովորութիւնները ամէնուրեք։
Ժապաւէնը ներկայացնելու համար հրաւիրուեցաւ Մխիթարեան միաբանութենէն հայր Համազասպ Քէշիշեանը։
Ան իր խօսքին սկիզբը խօսեցաւ «Քեսապցիներ՝ Քեսապի համար» կայքէջի գործունէութեան մասին (www.kessabtsiner.com) որ երեք տարիէ ի վեր համացանցի վրայ է։ Ան նկատել տուաւ, որ զայն իրագործողները խումբ մը երիտասարդ քեսապցիներ են, որոնք միասնաբար գործած են՝ նպատակ ունենալով իրենց նպաստը բերել Քեսապի հայրենաւանդ արժէքներու վերարժեւորման, պահպանումին եւ պատմութեան ծանօթացման։ Հայր Համազասպ առաջարկեց, որ կայքէջը ըլլայ երկլեզու՝ թէ՛ հայերէն եւ թէ՛ անգլերէն։ Ապա ան մանրամասնօրէն բացատրեց կայքէջին բովանդակութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ Քեսապի աւանդական, մշակութային եւ տնտեսական իրավիճակները, ինչպէս նաեւ՝ Քեսապէն դուրս քեսապցիներու վերաբերեալ բաժիններ։ Ան նշեց, որ կայքէջին պատմական նիւթերը քաղուած են Յակոբ Չոլաքեանի «Քեսապ» գիրքէն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Էմիրութիւններու մէջ բնակող քեսապցի տղոց, որոնց մեկենասութեամբ կատարուեցան ժապաւէնին նկարահանումները։
Ապա խօսք տրուեցաւ հայրենիքէն ժամանած ժապաւէնի հեղինակ Նանէ Բագրատունիի, որ Քեսապը մշակոյթի կղզի համարեց, որովհետեւ հակառակ անոր, որ Քեսապի շրջակայքը հայաբնակ չէ, սակայն քեսապցին համաշխարհայնացման հեւքոտ վազքին դիմաց կը շարունակէ պահել իր մշակոյթն ու իր նախնիներէն իրեն փոխանցուած սուրբ աւանդը։ Նանէ Բագրատունի բոլորին նկատառութեան յանձնեց ժապաւէնի պատրաստութեան ընթացքին իր չէզոք ըլլալու իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի «Քեսապը հայրենիք է հայրենիքէն դուրս» խօսքը ուղեցոյց ըլլալուն մասին։ Ապա պաստառի վրայ ներկայացուեցան ժապաւէնէն բաժիններ։