ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28ին, երեկոյեան ժամը 6ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահը դարձեալ ողողուած էր երեխաներով, որոնք այս անգամ եկած էին ոչ թէ մրցանքի մասնակցելու, այլ «Ազդակ»ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»ի «Անսխալ գրենք» մրցանքին պտուղը քաղելու: Արդարեւ, Նոյեմբեր 28ին կայացած մրցումին արդիւնքները ելած էին, եւ հայկական 19 վարժարաններէն մասնակցած աւելի քան 350 աշակերտներէն մրցանակ ապահոված էին 47 աշակերտներ, որոնցմէ եօթն՝ անսխալ արդիւնքով:
«Պզտիկ-Մզտիկ»ի խմբագրական կազմի անդամ Լենա Արապօղլեան մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկի բացման ընթացքին ողջոյնի խօսք ուղղեց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն, թէ՛ ծնողներուն, որոնք կը մղեն ու կը քաջալերեն իրենց զաւակները տիրապետելու մայրենի լեզուին, ջանք մը, որուն արդիւնքը արդէն իսկ կը ցոլայ «Անսխալ գրենք» մրցումին պատկերէն:
Խօսք առաւ «Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ ուրախութիւն յայտնեց՝ նշելով, թէ ամէն տարի քիչ մը աւելի կ՛ըլլայ «Պզտիկ-Մզտիկ»ի մրցանքներուն մասնակցողներուն թիւը, իսկ այս տարի նաեւ արդիւնքներն ալ շատ լաւ են, ինչ որ կը նշանակէ, թէ հետաքրքրութիւն կայ հայոց լեզուին նկատմամբ: Գանտահարեան ուրախութեամբ նշեց, թէ «Պզտիկ-Մզտիկ»ի ձեռք ձգած յաջողութիւնները քաջալերեցին նաեւ, որ բացի «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»էն, իրենց օժանդակութիւնը բերեն նաեւ «Մելքոն Էպլիղաթեան» ֆոնտը՝ հրատարակչական որոշ աշխատանքներու գծով, եւ «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» ֆոնտը, որ տարեկան 20 հազար ամերիկեան տոլար կը յատկացնէ «Պզտիկ-Մզտիկ»ին, որ շուտով պիտի թեւակոխէ իր 10ամեակը, եւ անշուշտ կան նոր ծրագիրներ, որոնք յառաջիկային պիտի ներկայացուին:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ յայտնեց, թէ շնորհիւ նման ձեռնարկներու, աշակերտներուն մօտ կը ծաղկի մրցակցութեան ոգին, ինչ որ կը զարգացնէ հայոց լեզուի եւ հայերէնագիտութեան նկատմամբ անոնց սէրը: Սակայն ասոր զուգահեռ, ան մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ, որ օրէ օր լիբանանահայ գաղութին մէջ կը պակսի հայերէն լաւ գիտցողներուն թիւը, եւ ատիկա այն գաղութին մէջ, որ Սփիւռքի բոլոր գաղութներուն համար մարդուժ հայթայթած է: Նահանջը կասեցնելու համար կ՛արժէ գնահատել նման ձեռնարկներ քաջալերողները, իսկ «Պզտիկ Մզտիկ»ը գրեթէ միակն է, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններ կը կատարէ գաղութին մէջ:
Ապա խօսքը ուղղելով ծնողներուն՝ Ճինպաշեան յայտնեց, թէ իրենք բախտաւոր են, որ ներկայ են հանդիսութեան, ուր իրենց զաւակները մրցանակակիրներն են, եւ շեշտեց, թէ ինչ որ հայերէնի միջոցով կ՛ըլլայ, միայն հայերէնի համար չէ, քանի որ ո՛վ իր մայրենի լեզուն չի ճանչնար խորքով, իր գեղեցկութեամբ եւ իր գաղտնիքներով, այլ լեզուներու չի կրնար տիրապետել: Ան ի վերջոյ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»ին եւ «Պզտիկ-Մզտիկ»ի խմբագրական կազմին:
Այնուհետւ «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»ի, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» ֆոնտի եւ «Մելքոն Էպլիղաթեան» ֆոնտի ներկայացուցիչները հրաւիրուեցան՝ բաշխելու համար մրցանակները:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: